2010-04-10 13:20:32

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶՈՀ ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԱՐԿԱԾԻ ՄԸ ։
Լեհաստանի նախագահ, իր կինը եւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին Լեհաստանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչը զոհուեցան, երբ զիրենք փոխադրող օդանաւը ջախջախուեցաւ Ռուսիոյ վրայ ։ Մոսկուայի ժամով՝ ժամը 10.56-ին Վարշավայէն Սմոլենսկ թռչող օդանաւը վայրէջքի ժամանակ ջախջախուած է : Նախնական տուեալներով 132 ճամբորդներէն ոչ ոք վերապրած է։ Լեհաստանի Նախագահը պիտի այցելէր Սմոլենսկի մարզը գտնուող Գաթինի գերեզմանոցը, ուր կը գտնուի ամբողջատիրական բռնութիւններու զոհերու Ռուսաստանի առաջին միջազգային Յուշահամալիրը ։ Ի լուր ողբերգական արկածին Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար ֆրանքօ ֆրաթթինի արտայայտեց իր ՝՝խոր վիշտը՝՝ յայտնելով միաժամանակ իր մօտիկութիւնը Նախագահ Քաչինսքիի ընտանիքին,Լեհաստանի հաստատութիւներուն եւ Լեհ ժողովուրդին որուն ՝՝իտալիան կապուած է բարեկամութեան խոր զգացումներով՝՝ ըսաւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԷՋ ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաւուշ կատարած այցելութեան ընթացքին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձած է պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան։ Նախագահը նշած է, որ ինք մօտալուտ պատերազմի վտանգ չի տեսներ։ ՝՝Մեր բանակը մարտունակ է, եւ եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, այդպիսի բան պատահի, մենք անակնկալի պիտի չգանք՝՝ նշած է Սերժ Սարգսեան։ Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք հիմնաւորուա՞ծ են կառավարութեան, մասնաւորաբար վարչապետի հրաժարականի մասին լուրերը, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ վարչապետի պաշտօնանկութեան մասին լուրերը անհիմն են եւ այս պահուն ան չի պատրաստուիր կառավարութիւնը կամ վարչապետը փոխել։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼԻԲԱՆԱՆ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յառաջիկայ կիրակի օր պիտի այցելէ Լիբանան,ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին Նեպիհ Պըրրիի հետ,որուն հետ պիտի քննարկէ Հայաստան-Լիբանան երկկողմանի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ երկիրը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները։ Կը նախատեսուի որ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպումներ ուենայ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Սլէյմանի,քարչապետ Սաատ հարիրիի,արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամիի ինչպէս նաեւ հայկական յարանուանութեանց պետերուն հետ։



ԹՈՒՐՔ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿ ԿԸ ԶԵՏԵՂԵՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ ։
Երեւանի մէջ գումարուող Ջղային հիւանդութեանց նուիրուած միջազգային գիտական համագումարին մասնակցելու նպատակով, Հայաստան ժամանած է աւելի քան 10 թուրք ուսանող՝ փրոֆ. Օնուր Կունտուրքունի գլխաւորութեամբ: Ուսանողները յայտնած են, թէ իրենք միշտ ալ ցանկութիւն ունեցած են Հայաստան այցելելու ու ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու աւանդոյթներուն, որոնք ըստ իրենց, «շատ մօտ են թրքականին»։
Համաժողովի միւս մասնակիցներուն հետ, թուրք պատուիրակները Ապրիլ 8ին այցելած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ ծաղիկներ դրած՝ 1915ի Հայոց Եղեռնի զոհերու յիշատակին: «Մենք գացինք յուշահամալիր, որպէսզի հաստատենք մեր դրական մտադրութիւնները եւ ըսենք, որ անտարբեր չենք այդ պատմական իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Իսկապէս մեր նախնիներուն կողմէ տեղի ունեցած է բան մը, զոր դուք «ցեղասպանութիւն» կ՛անուանէք, իսկ մենք զայն կրնանք որակել իբրեւ մեծ թիւով հայերու կոտորած, որուն համար մենք իսկապէս կ՛ափսոսանք եւ կ՛ուզենք, որ միահամուռ ուժերով զայն յաղթահարել», ըսած է թուրք մասնակիցներէն մէկը։ Սոյն գիտաժողովին կը մասնակցին 18 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 80 մասնագէտներ, որոնց շուրջ 35ը փրոֆեսէօրներ են:







All the contents on this site are copyrighted ©.