Նիւ Եորքաբնակ հանրածանօթ թատերագիր
Հրանդ Մարգարեանի անգլերէնով նոր թատերախաղը ՜՜ Լռութիւն՝ բոլորաձեւ ծիածանի մէջ՝՝ կը
ներկայացուի 31 Ապրիլին ու 1 եւ 2 Մայիսին հովանաւորութեամբ Նիւ Եորք նահանգի թատերական
իսթիթութին։
Ասիկա առաջին անգամն է որ Նիւ Եորք Նահանգի հռչակաւոր այս իսթիթութը
կը ներկայացնէ հայ թատերագրի մը գործը։
Նիւթը ՜՜Մարդկային կորուստը եւ անոր տառապալից
փնտրտուքը՝՝. իսկ պատմութիւնը ընտանիքի մօր մը մասին է որուն բժիշկ ամուսինը կը դատապարտուի
դաւաճանութեամբ եւ կը սպաննուի 1915-ին։ Ան կը կորսնցնէ նաեւ իր չորս տարեկան զաւակը։
Ազատելով ջարդերէն իր կեանքի նպատակը կը դարձնէ գտնել իր զաւակը։ Եւ կը սկսի ոդիսականը։
Հրանդ
Մարգարեան ծնած է Պասրա (Իրաք) 1938-ին, նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի հայ ազգային
վարժարանին մէջ ապա յաճախած է պետական երկրորդական վարժաան։ Աւարտած է Պաղտատի գիտութեանց
Քոլէճը եւ 1962-ին Իրաքի պետական կրթաթոշակով անցած է Ամերիկա ուր ստացած է Մագիստրոսի
ապա Տոքթորայի վկայականները տարրաբանութեան մէջ եւ Մագիստրոսի վկայականը Management
of Technology ճիւղին մէջ։ Եղած է գիտական հետազօտող ապա տարրաբանութեան փրօֆէսսոր Նիւ
Եորք նահանգի պետական համալսարանին մէջ։
Երեւան-Երկաթուղային կայարանի
վերականգնում
Հ Հ հարաւկովկասեան երկաթուղիի ընկերութիւնը սկսած է Երեւանի Երկաթուղային
կայարանի վերականգնման աշխատանքները։ Ուղեւորահոսքերու յաւելումի պատճարով կը նախատեսուի
սրհներու տարանջատում՝ միջքաղաքայիններու եւ միջազգայիններու ինչպէս նաեւ յաւելեան դրամարկղերու
տեղադրում։ Երկաթուղային կայարանի շէնքին մէջ պիտի կառուցուին նաեւ հիւրանոցային յարմարութիւններ։