2010-04-09 13:18:59

Զատկական Սովորութիւններ


Զատկական Սովորութիւններ

Զարդարուած, ներկուած հաւկիթներ նուիրելու սովորութիւնը եկած է շատ հին ժամանակներէն։ Հաւկիթը եղած է կեանքի եւ վերածնունդի ամէնէն հին խորհրդանիշներէն մէկը։

ՀԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Հեթանոսական շրջաններէն արդէն հաւկիթը ծնունդի, բերրիութեան, վերածնունդի եւ յատկապէս բարութեան խորհրդանիշը եղած է։ Իսկ ուրիշ աղբիւրներ կը հաստատեն, թէ հաւկիթը կը խորհրդանշէ նաեւ կեանքի չորս տարրերը, կեղեւը կը ներկայացնէ երկրագունդը, մաշկը՝ օդը, ճերմկուցը՝ ջուրը եւ դեղնուցը՝ կրակը։

Նախապատմական շրջաններէն սկսեալ Ուքրանիոյ մէջ մարդիկ հաւկիթներ կը զարդարէին գարնան ժամանումը աւետելու համար։ Իսկ հին հազար տարի առաջ պարսիկները իբրեւ բախտաբեր նուէրներ կը բաժնէին հաւկիթներ, մինչ եգիպտացիները զանոնք կը ներկէին գարնանային գոյներով եւ իրենց շրջապատին կը բաժնէին։

Ինչ կը վերաբերի հռոմէացիներուն, անոնք հաւկիթները կը կոտրէին գարնան առաջին օրը, կենսոլորտը մաքրելու համար։ Իսկ 13րդ դարուն Եւրոպային մէջ մարդիկ սկսան իրարու հետ փոխանակել կարմիր ներկուած հաւկիթներ՝ Պահքի վերջաւորութեան, ձմրան աւարտը աւետելով։

ՖԻՆԼԱՆՏԱԿԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼ ՄԸ

Հին ֆինլանտացիներու սուրբ գիրքին՝ Քալիվալային մէջ կը պատմուի, թէ ջուրի մայրը՝ Իլթամարա կը քնանար այդ ժամանակաշրջանին ամբողջ աշխարհը ծածկող ովկիանոսին խորքը։ Օր մը, երբ ան իր քունին մէջ կը շարժէր, ջուրի մակերեսին երեւցաւ անոր ծունկը, որ կղզիի մը նման կլոր էր։ Օդի աստուածը, անոր ձեւէն հմայուած, վրան զետեղեց ոսկիէ հաւկիթ մը։

Իլթամարա կը դողայ այս հպումին ազդեցութեան տակ։ Հաւկիթին կեղեւը կը կոտրուի, եւ անոր կտորները կը կազմեն մեր ներկայի աշխարհը։ Կեղեւին վարի բաժինը կը դառնայ երկինքը եւ կապոյտ գոյնը կը ստանայ։ Դեղինը կը վերածուի արեւի, ճերմկուցը՝ լուսինի, կեղեւին ճերմակ բաժինները կը վերածուին աստղերու, իսկ մութ բաժինները՝ ամպերու։ Աշխարհը իր կերպարանքը կը ստանար

ԶԱՏԻԿԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Զատիկի թուականէն կախեալ են ամէն տարի միւս բոլոր շարժուն տօները։ Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք որոշուած է Զատիկը տօնել Մարտին սկսող լուսինին 14րդ օրուան յաջորդող Կիրակին։

ՀԱ՞ՒԸ, ԹԷ ՀԱՒԿԻԹԸ

Ի՞նչը առաջ գոյութիւն ունեցած է հա՞ւը, թէ հաւկիթը։ Կրցա՞ծ էք լուծել այս հանելուկը։ Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, մեզի ծանօթ առաջին հաւկիթ ածողները եղած են աւելի քան 6000 տարի առաջ Չինաստանէն եկած բադեր եւ սագեր։ Հաւը երեւցած է Հնդկաստանի մէջ նուազագոյնը 2000 տար առաջ, իսկ Արեւմուտք հասած է Ք. Ա. 5րդ դարուն։

ԻՍԿ ՆԱՊԱՍՏԱ՞ԿԸ

Ան շնորհիւ իր արագութեան, գիշերը կը դառնայ պարտէզներուն մէջ, կը կրծէ ստեպղինները եւ անոնց տեղ կը դնէ համեղ տուրմէ հաւկիթներ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.