2010-04-08 15:09:08

Լուրեր հայկական կեանքէն


Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ Մարդոց Իրաւունքներու Միջազգային դաշնակցութեան 37-րդ համագումարը:

Մարդոց Իրաւունքներու Միջազգային դաշնակցութեան նախագահը տիկին Սուէր Պելասէն, կարեւոր նկատեց համագումարի կազմակերպման զուգադիպութիւնը, Մեծ եղեռնի 95-ամեակին ընդառաջ, նկատել տալով թէ բոլոր մասնակիցները 300 հոգի Ծիծեռնակաբերդ պիտի այցելեն յարգանքի տուրք մատուցանելու՝ զոհերու յիշատակին։ Համագումարի բացման խօսք առաւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան։ Նշենք, որ նոյն պահուն Երեւանի օփերայի շէնքին մօտ, ուր տեղի կ'ունենայ համագումարը, բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր ընդդիմադիր Հայ Ազգային գոնկրէսի կողմէ։



Գերմանական ՜՜Տէր Շպիկըլ՝՝ հանդէսը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է

Հայկական Ցեղասպանութեան մասին :

Գերմանական ազդեցիկ Տէր Շպիկել հանդէսը իր Ապրիլ 3-ի թիւով հրապարակած է ՜՜Անցեալի չարքերը՝՝ վերնագրով ծաւալուն յօդուած մը, ուր անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան. թերթին նոյն համարին մէջ լոյս տեսած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հարցազրոյցը։ Յօդուածին մէջ կը նկարագրուի հարիւրամեայ վաղեմութեան արհաւիրքը՝ վկայաբերելով մեր օրերու վերապրածներու վկայութիւնները։

Յօդուածին կից ներկայացուած է լուսանկարներու հարուստ շարք մը։



Ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցին ընդառաջ Երեւանի մէջ միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 95-րդ ամեակին։

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը պիտի հրատարակէ Ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցի առընչութեամբ՝ տասնեակ մը արժէքաւոր մենագրութիւններ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

Ապրիլ 19-20-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է միջազգային գիտաժողով՝ Հայոց ցեղասպանութեան եւ մասնաւորապէս մշակութային ցեղասպանութեան հիմնական հարցերուն շուրջ։ Գիտաժողովին նպատակն է յստակ գնահատականներ տալ Օսմանեան կայսրութեան եւ ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին շարունակուող հայկական մշակութային ժառանգութեան համատարած ոչնչացման քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ՝ անդրադառնալ անոր գաղափարական, քաղաքական եւ մշակութաբանական հիմնաւորումներուն եւ հետեւանքներուն։

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին մշակութային ցեղասպանութեան գծով մասնագէտ-պատմաբաններ՝ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Բրիտանիայէն, Հունգարիայէն, Գերմանիայէն եւ Հոլանտայէն։



ՀՀ նախագահ Ս.Սարգսեանի հրամանագրով դեսպանի նշանակում։

ՀՀ նախագահը Սերժ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը նշանակելով նաեւ Սլովենիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Հռոմ)։



Երեւան - Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը եւ Հայաստանի ազգային գրադարանը յայտարարեցին գրքահաւաք, որուն նպատակն է օգնել համայնքային գրադարանները։ Ազգային գրադարանը իւրաքանչիւր տարի պարբերաբար կ՝այցելէ մարզեր եւ համայնքներ։ Գիւղերու մէջ գրադարաններուն վիճակը բաւական ծանր է, շատերը տարիներով թերթեր չեն ստանար։ Համայնքային գրադարաններին աջակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Նշենք թէ հանրապետութեան մէջ կը գործէ 842 համայնքային գրադարան, որոնց մեծ մասը բաւական ծանր վիճակի մէջ է։ Այս նախաձեռնութեամբ հասարակութեան եւ համապատասխան մարմիներուն ուշադրութիւնը կը գրաւուի համայնքային գրադարաններու խնդիրներուն վրայ։ Գրքահաւաքը պիտի շարունակուի ամբողջ տարուայ ընթացքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.