2010-04-07 13:27:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 7 ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հայրը, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի Յարութեան մեծ խորհուրդի նշանակութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Զատկական այս օրերուն Եկեղեցին ողողուած է Քրիստոսի Յարութեան ուրախութեան լոյսով։ Աշխարհի բոլոր պատմութեան մէջ ՜՜Քրիստոսի Յարութեան Աւետիսը՝՝ ամենէն զմայլելի եւ սքանչելի դէպքը եղաւ. ՜՜Արդարեւ, կը գրէ Ղուկաս աւետարանիչը, Տէրը ճշմարտապէս Յարութիւն առաւ ու Սիմոն Պետրոսի երեւեցաւ՝՝։

՜՜Այս լուրը պատմութեան մեծագոյն Աւետիսը եղաւ. Քրիստոս յաղթեց մեղքին ու մահուան։ Քրիստոսի Յարութիւնը արտակարգ դէպք մըն է, ՜՜գերագոյն պտուղը Աստուծոյ խորհուրդին՝՝ եւ միաժամանակ ''պատմական'' իրական եղելութիւն մը, եւ հիմը կը հանդիսանայ մեր հաւատքին։ Աստուած իր պատգամաբերներուն պատուիրեց հաղորդել այս լուրը, որպէսզի բոլորը տեղեկանան։

Գոհութիւն մատուցանենք Աստուծոյ, Քրիստոսի անթիւ անհամար հաւատացեալներու համար, որոնք մեզ կանխեցին, անոնք չթերացան կատարելու իրենց պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը՝ որ է Աւետարանը քարոզել բոլոր ազգերուն։

Այսօր ինչպէս երէկ, Տէրը կ'աշխատի իր վկաներու միջոցաւ, սերմանելով ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութեան սերմերը եւ անոնց միջոցաւ սքանչելագործութիւններ կատարելով ։ Մենք պիտի ըլլանք Տիրոջ վկաները եթէ հաւատարիմ մնանք Յարութեան փորձառութեան, նման Մարիամ Մագդաղենացիին որ Յիսուսի աշակերտներուն հաղորդեց լուրը. ''Տէրը տեսայ'' ։ Թող այս անձնական հանդիպումը Յարուցեալին հետ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, ըլլայ հիմը մեր հաւատքին ու ցոլացումը անոր անհուն սիրոյն։ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, հրաւիրելով զանոնք որպէսզի բարի վկայութիւն տան իրենց քրիստոնէական հաւատքին թէ խօսքով եւ թէ բարի օրինակով։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.