2010-04-07 13:29:11

Լուրեր հայկական կեանքէն։


Հայոց նահատակներու յիշատակի շարժումը։

Ռուսիոյ հայերու միութեան երիտասարդական մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, սկիզբ առած է, ՜՜Հայոց նահատակներու յիշատակին շարժումը՝՝, որուն ծիրին մէջ նախատեսուած է Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ մէկուկէս միլիոն ծառ տնկելու ծրագիրը, ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն զոհերուն։

Ծրագիրը սկիզբ առաւ 31 մարտին, ծառատնկում կատարուեցաւ Երեւանի թիւ 13 երաժշտական դպրոցին, Շիրազի անուան թիւ 169, Նոր Նորքի թիւ 163, Չարբախի թիւ 174 դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ հայոց ազգային բանակի Նուպարաշէնի մայրաքաղաքային գունդի կեդրոնին մէջ։

Եւ այս ծրագիրը պիտի երկարի մինչեւ 2015 տարին՝ այսինքն մինչեւ ՜՜ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝՝։

Այս հինգ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի տարածքին մէկուկէս միլիոն ծառ ցանուած պիտի ըլլայ՝ իբրեւ ՜՜Յարութեան խորհրդանիշ՝՝։ Նախատեսուած է նաեւ յատուկ պուրակ մը յատկացնել այս ծրագիրին եւ անոր իրագործման մասնակից դարձնել նաեւ սփիւռքահայութիւնը։



Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ ծրագիրի մասին մամլոյ ասուլիս մը։

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը՝ Հրանուշ Յակոբեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յստակացուց 2010 թուականի Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ համահայկական մշակութային փառատօնի կազմակերպման առնչուող մանրամասնութիւններ։ Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին ՜՜Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ՝՝ փառատօնի գործադիր տնօրէն՝ Թամարա Պօղոսեան եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Արմէն Մանուկեան։

Հ. Յակոբեան յայտնեց, որ մարտ 4-ին, կառավարութեան կողմէ ընդունուած է Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ համահայկական մշակութային փառատօնի 2010-ի ծրագիրը, որ կը վայելէ Հ Հ նախագահին հովանաւորութիւնը եւ նուիրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 20-ամեակին։ Տասնէ աւելի երկիրներ արդէն փառատօնին մասնակցելու՝ 500 դիմում ներկայացուցած են։

Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան դիտել տուաւ, որ փառատօնը կերկարի ամբողջ տարուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ այս տարի կ'աւելնան երկու նոր բնագաւառներ՝ կերպարուեստ եւ քանդակագործութիւն։ Կը կայանան Կերպարուեստի օրեր, Յունիս ամսոյն կը սկսին հայ գրականութեան օրերը, որոնց ծիրին մէջ, Յուլիսին տեղի պիտի ունենայ գրողներու ՜՜Հայ գրականութիւն՝ հայոց միջնաբերդ՝՝ եւ ՜՜Արեւմտահայերէն միասնական դասագիրքեր՝՝ու ստեղծման սկզբունքներ խորհրդաժողովները։

Նախարարը նշեց, որ հայ կատարողական արուեստի օրերուն կը կայանայ ճատրակի համահայկական երիտասարդական ախոյեանութեան եզրափակիչ հանգրուանը։

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան բացօթեայ եւ սրահներու մէջ կայացող պարային ելոյթներ, թատրերգութիւններ, երգահանդէսներ եւ այլն։

Հոկտեմբերին պիտի կայանայ Զանգուածային լրատուամիջոցներու շաբաթը, որուն ընթացքին պիտի կատարուի Հայապահպանման իմաստով ունեցած նշանակալից աւանդին համար Սփիւռքի լրատուամիջոցներու յատուկ մրցանակաբաշխութիւնը։



ցեղասպանութեան թանգարանը ձեռք բերած է հազուագիւտ լուսանկարներ։

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը ձեռք բերած է հազուագիւտ բնօրինակ լուսանկարներ։ Այս անտիպ լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են 1920 թուականի կոտորածէն եւ աւերումէն ետք աւերակներու վերածուած Շուշիի հայկական թաղամասի համայնապատկերը։ Լուսանկարները նկարուած են տարբեր դիրքերէ անոնցմէ մէկուն մէջ պատկերուած է Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, որուն շուրջը ճարտարապետական ուրոյն կառոյցներով հարուստ հայկական քաղաքի աւերուած տուներն ու շինութիւններն են, իսկ միւսին մէջ՝ հրկիզուած եւ աւերուած հայկական թաղամասի պատկերն է, ուր կերեւին Կանաչ ժամ եկեղեցին է եւ Շուշի ճարտարապետութեանը բնորոշ եռայարկ եւ երկյարկ շէնքերու աւերակները։ Այս լուսանկարները բացառիկ վկայութիւններն են տեղի ունեցած սարսափելի եղեռնագործութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.