2010-04-04 18:32:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Զատկական պատքամի եւ օրհնութեան Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի բոլոր բնակիչներու, արտասանուած կիրակի առաւօտ Քրիստոսի եառաւոր յարութեան պատարագին աւարտին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Զատկական պատքամի եւ օրհնութեան Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի բոլոր բնակիչներու, արտասանուած կիրակի առաւօտ Քրիստոսի եառաւոր յարութեան պատարագին աւարտին։



''Տիրոջ երգենք. ճիմշմարտապէս փառաւորեալ է!''

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր։

Զատկուայ աւետիս կու տամ ծիսական այս բառերով, որ կը դրսեւորէ հրեաներու գովաբանութեան ամենահին մեղեդին յետ Կարմիր Ծովու անցքէն։

Ելքի Գիրքը կը պատմէ (15,19-21). Արդարեւ փարաւոնի ձիերը ծովը մտան`իր կառքերով ու ձիաւորներով, եւ Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ վերադարձուց. բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջտեղէն ցամաքով գացին։

Ահարոնի քոյրը` Մարիամ մարգարէուհին` թմբուկը իր ձեռքը առաւ, եւ բոլոր կիները անոր ետեւէն դուրս ելան` երգելով. ''Երգեցէք Տիրոջ քանի որ մեծապէս բարձարացաւ. Ձին եւ անոր հեծեալը ծովը նետեց''։

Քրիստոնեանրը, բոլոր աշախարհի մէջ, կը կրկնեն զատկակակն Ճրագալոյցի այս մեղեդին, եւ յատուկ աղօթք մը կը բացայայտէ նշանակութիւնը. աղօթք մը որ Յարութեան լիալոյսով ուրախութեամբ կը մատնանշենք.

''Աստուած իմ, նաեւ մեր ժամանակներուն կը տեսնենք լուսաճաճանչ քու վաղեմի հրաշագործութիւնները, այն ինչ որ ըրիր քու հզօր ձեռքով ազատագրելու մէկ ժողովուրդը փարաւոնի հարստահարումէն, այժմ կատարէ Մկրտութեան ջուրով բոլոր ժողովուրդներու փրկութեան համար. շնորհէ' որ համայն մարդկութիւնը ընդունուի Աբրահամաի զաւակներու շարքին ու մասնակց դառնայ ընտրեալ ժողովուրդի արժանաւորութեան''։

Աւետարանը մեզի կը յայտնէ կատարումը հին դէմքերու, իր մահով ու յարութեամբ, Յիսուս Քրիստոս փրկեց մարդը մեղքի ստրկութենէն եւ անոր բացաւ ուղին դէպի ճշմարիտ խոստացեալ երկիրը, Աստուծոյ Արքայութիւնը, արդարութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան ընդհանրական Արքայութիւնը։

Այս ''ելքը'' տեղի կ'ունենայ նախ մարդու ներքեւը եւ կը կայանայ նոր ծնունդով Սուրբ Հոգւոյ մէջ` արդիւնք Մկրտութեան, որ Քրիստոս մեզի տուաւ զատկական խորհուրդով։

Հին մարդը տեղի կու տայ նոր մարդու, մենք թաղուեցանք Քրիստոսի հետ մկրտութեամբ, մահով, որպէսզի ինչպէս որ Ինք Յարութիւն առաւ մեռելներէն Հօր փառքով, մենք ալ ապրինք նոր կեանքով։ Սակայն հոգեւոր ''ելքը'' պատճառ է ամբողջական ազատագրումի, կարող վերանորոգելու ամէն մարդկայն, անհատական ու ընկերային ծաւալ։

Այո եղբայրներ, Զատիկը մարդկութեան ճշմարիտ փրկութիւնն է։

Եթէ Քրիստոս – Աստուծոյ գառը- չթափեր իր արիւնը մեզի համար, ոչ մէկ յոյս պիտի ունենայինք, մեր վախճանը ու համայն աշխարհի վախճանը ստոյգ մահ պիտի ըլլար։

Սակայն Զատիկը ետ դարձ կատարեց. Քրիստոսւի Յարութիւնը նոր արարչագործութիւն է, պատուեստի նման նոր կեանք կու տայ տունկին։

Դէպք մը որ խորապէս բարեփոխեց պատնութեան ուղղութիւնը, զայն ցմիշտ հակաշռելով դէպի բարիին, կեանքի, ներումի կողմը։

Ազատ ենք ու փրկուած!

Ահա այս պատճառաւ ներքնապէս կը ցնծանք. ''Տիրոջ երգենք. ճիմշմարտապէս փառաւորեալ է!''

Քրիստոնեայ ժողովուրդը, Մկրտութեան ջուրէն դուրս գալով, ղրկուած է համայն աշխարհ վկայութիւն տալու այս փրկութեան, բոլորին բերելով Զատկուայ պտուղը, որ կը կայանայ նոր կեանքով, մեղքէն ազատագրուած, ու վերագտած իր երբեմնի գեղեցկութիւնը, բարութիւնը ու ճշմարտութիւնը։

Յարատեւ, երկու հազար տարիներու ընթացքին – յատկապէս սուրբերը – բեղմնաւորեցին պատմութիւնը Զատկուայ կենդանի փորձառութեամբ։

Եկեղեցին ելքի ժողովուրդն է, որովհետեւ միշտատեւ կ'ապրի զատկական խորհուրդը ու կը տարածէ անոր բարենորոգիչ ոյժը ամէն ժամանակ ու ամէնուրեք։

Մեր օրերուն նաեւ մարդկութիւնը կարօտ է ''ելքի'', ոչ մակերեսային նորոգումի, այլ հոգեւոր ու բարոյական դարձի։

Կարիգը ունի Աւետարանի փրկութեան, խոր տագնապէն դուրս գալու համար, եւ որպէս այդ` կը պահանջուի խոր փոփոխութիւն խիղճերէն սկսեալ։

Յիսուս Տիրոջմէն կը խնդրեմ որ Միջին Արեւելքի մէջ ու յատկապէս իր մահով ու յարութեամբ սրբացած Երկրի մէջ, ժողովուրդները ճշմարիտ ու վերջնական ''ելք'' մը կատարեն, պատերազմէն ու բռնութենէն դէպի խաղաղութիւն ու ներդաշնակութիւն։

Քրիստոնեայ համայնքներուն, որ, յատկապէս Իրաքի մէջ, կը ճանչնան փորձանք ու տառապանք, Յարուցեալը կրկնէ մխիթարական ու քաջալերական խօսքը, ուղղուած առաքեալներու վերնատան մէջ. ''Խաղաղութիւն ձեզի'' (Յովհ. 20.21)։



Լատինամերիկայի ու Գարայպի այն երկիրներուն համար որոնք կը փորձարկեն թմրեցուիչի հայող ոճիրներու նոր շարք մը, Քրիստոսի Զատկիը նշանագրէ յաղթութիւնը խաղաղ համակեցութեան ու հասարակաց բարիքի յարգանը։

Հայիթիի սիրեցեալ ժողովուրդին, թիրախ ողբերգական երկրաշարժի, կատարէ իր ''ելքը'' սուգէն եւ յուսահատութենէն դէպի յոյս, միջազգային զօրակցութեան օգնութեամբ։

Չիլիի սիրեցեալ քաղաքացիներուն, յուսալքուած այլ ծանր աղետէն, սակայն հաւատքով զօրացած, հաստատամտութեամբ կը դիմագրաւեն վերակառցումի աշխատանքը։

Յարուցեալ Քրիստոսի զօրութեամբ, թող վերջ դրուի ընդհարումներու, որոնք կը պատճառեն աւեր ու տառապանք, որպէսզի խաղաղութիւնը ու հաշտութիւնը հաստատուի, գրաւանը բարգաւաճումի։

Յատկապէս Տիրոջ կը յանձնառարեմ հանրավար Գոնկոյի, Քինւէի ու Նիճերիոյ ապագան

Յարուցեալը օգնական ըլլայ այն քրիստոնեաներուն, որոնք, իրենց հաւատքին պատճառաւ կը կրեն հալածանք եւ նոյնիսկ մահը, ինչպէս է պարագան Փաքիստանի մէջ։

Ահաբեկչութեան ու ընկերային ու կրօնական խտրականութեան զոհ երկիրներուն, թող Ան շնորհէ քաջութիւնը կլոր սեղան նստելու ու անդորր համակեցութիւն։

Բոլոր Ազգերու պատասխանատուներու, Քրիստոսի Զատիկը պարգեւէ լոյս եւ ոյժ որպէսզի տնտեսական ու ֆինանսական գործունէութիւնը կատարուի ճշմարիտութեան, արդարութեան ու եղբարօգնութեան տուեալներու վրայ։

Քրիստոսի յարութեան փրկարար զօրութիւնը համակէ համայն մարդկութիւնը, որպէսզի գերազանցէ ''մահուան մշակոյթի'' բազմաթիւ երեւոյթները, կերտելու համար սիրոյ ու ճշմարտութեան ապագայ մը, ուր ամէն մարդկային կեանք յարգուի եւ հիւրընկալուի։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր! Զատիկը ոչ մէկ կախարդական գոր կը կատարէ։

Ինչպէս կարմիր Ծովէն անդին հրեաները անապատ գտան, այսպէս Եկեղեցին, Յարութենէն ետք, միշտ կը գտնէ պատնութիւնը իր ուրախութիւններով ու յոյսերով, ցաւերով ու անփկութիւններով։

Սակայն եւ այնպէս այս պատմութիւնը փոխուեցաւ, կնգուեցաւ նոր եւ յաւիտենական ուխտով, ճշմարտապէս բաց է ապագայի։

Ասոր համար յոյսով փրկուած, կը շարունակենք մեր ուխտագնացութիւնը, մեր սրտին մէջ պահելով հին եւ միշտ նոր երգը. ''Տիրոջ երգենք. ճիմշմարտապէս փառաւորեալ է!''








All the contents on this site are copyrighted ©.