2010-04-03 12:31:04

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Ամենապատիւ եւ Գերերչանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքի զատկական պատգամէն։


ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքի զատկական պատգամէն։

Սրտանց ձեզի Զատկուան մաղթանքը կը փոխանցենք ըսելով Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Այս մաղթանքով կ'ուզեմ ձեզի աւետել սիրեցեալ առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, առաքինափայլ կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որ Յիսուս յարութիւն առաւ, որպէսզի մենք, թէպէտ սահմանուած ենք մահուան, չմտածենք, որ երկրաւոր մահով կեանքը բոլորովին վերջ կը գտնէ։ Ո՛չ, Քրիստոս յարութիւն առաւ մեզի ապահովութիւն տալու համար, որ մենք ալ յարութիւն պիտի առնենք աշխարհին վերջը։
Յիսուս յարութիւն առաւ, որպէսզի մենք կարենանք յաւիտենական կեանքի արժանանալ, եթէ իրեն հաւատանք։ Այս աւետիսը կորիզը կը կազմէ Ս աւետարաններու պատգամին։ Ս Պօղոս նորադարձ կորնթացիներուն կ'ըսէ Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ՝ մեր քարոզութիւնը ապարդիւն է, ապարդիւն է նաեւ ձեր հաւատքը, եւ կ'աւելցնէ Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։ Յիսուս յարութիւն առաւ ո՛չ թէ որպէսզի անոր յիշատակը տօնենք, այլ որպէսզի այդ յիշատակը արթուն մնայ մեր սրտին մէջ, անով ապրինք եւ անով կարենանք յաւիտենական կեանքի ցանկութիւնը միշտ վառ պահել մեր սրտին մէջ։
Ապա Հայրապետը կը գրէ. Յիսուսի յարութիւնը ամէն բանէ առաջ սիրոյ դէպք մըն է։ Հօր Աստուծոյ սէրը իր Միածին Որդին կը յանձնէ մահուան՝ աշխարհի փրկութեան համար։ Միածին Որդիին սէրը ինքզինք կը յանձնէ Հօր կամքին, եւ թէպէտ անմեղ՝ կ'ընդունի զոհուիլ մեր փրկութեան համար։ Այսօրուան խորհուրդը մեզի առիթ կ'ընծայէ նոյն սիրով ապրելու՝ մերժելով ատելութիւնը եւ անձնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ նմանելու Յիսուսի, որ սրտով հեզ եւ խոնարհ էր, որպէսզի գտնենք մեր հոգիներուն հանգիստը։ Ուստի թող ո՛չ ոք իր սիրտը փակէ Քրիստոսի սիրոյ առջեւ, որ կրնայ մեզ եւ ամէն մարդ բարեփոխել եւ փրկել։ Այս է ամէն մարդու ցանկութիւնը։
Հոգեւոր Տէրը իր զատկական պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով. Խնդրե՛նք Ս Կոյս Մարիամէն, որ օգնէ մեզի մեր շուրջ ստեղծելու համար յարութեան ուրախութեան մթնոլորտ մը եւ մեր ապրելակերպով ըլլալու հարազատ վկաներ աստուածային սիրոյ, որեւէ պարագայի մէջ որ գտնուինք։
Մեր աղօթքը բարձրացնենք Հայաստանի, Ղարաբաղի, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն համար, որպէսզի Յիսուսի յարութիւնը իւրաքանչիւրին մօտ սփռէ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ սէր։ Եւ թո՛ղ բարիքը յաղթէ չարին եւ կեանքը՝ մահուան Ամէն։

Արան Վեհափառին Զատկական պատգամէն - Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Առաջին Ադամին ո՛չ ըսել եւ հետեւիլ իր խաչով ու յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւած Երկրորդ Ադամին։ Առաքեալը կը հաստատէ թէ՝ Աստուած իր Որդիին մահով մեզ իր հետ հաշտեցուց վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով։ Սակայն չմոռնանք, որ յարութեան կեանքին արժանի դառնալու համար կոչուած ենք ապրելու հաւատքի՛ կեանքը ու քալելու խաչի՛ ճանապարհէն։ Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կառնէ մեռելներու յարութիւնը։

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան`Նախագահը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան իր զատկական պատգամին մէջ կը գրէ. Քրիստոսի յարութեան տօնը փառաբանանքն է մահուան վրայ տարած կեանքի յաղթանակին։
Այս տարի կը տօնենք մեր ազգային վերապրումին 95ամեակը։ Մեր հայրերը նախընտրեցին Յիսուսի նայիլ, մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին։Ան իր յարութեան փաստով դարձեալ կը խօսի մեզի այսօր։ Ես կենդանի եմ, եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք։

Զատկական Ս Պատարագի միջազգային հեռարձակում Էջմիածնի մայր տաճարէն
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Շողակաթ հեռուստա-ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութեան հետ (Հ-1 ալիք) համատեղ դասաւորած են Զատկական Հայրապետական պատարագի հեռարձակումը Ս Էջմիածնէն, ամբողջ աշխարհի տարածքին, ուղիղ եթերով։ Աշխարհասփիւռ հայ համայնքները կրնան դիտել Զատկական Սուրբ Պատարագը Կիրակի օրը՝ Ապրիլ 4-ին, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան արբանեակային ծրագրով։







All the contents on this site are copyrighted ©.