2010-04-02 14:18:32

Լուրեր հայ կեանքէն։


Հայաստանի ձեռագիրներու ցուցահանդէս-Լիբանան ։

՜՜2009 տարին, Պէյրութ գիրքերու միջազգային մայրաքաղաք՝՝ հռչակման նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, Հինգշաբթի մէկ Ապրիլ 2010-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Հայաստանի մատենադարանէն ցուցադրութեան համար բերուած ՜՜հին ձեռագիրներու ՝՝ ցուցահանդէսը։

Հանդիսութեան առաջին խօսքը հայերէնով ու անգլերէնով արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նշեց, թէ գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած՝ Պէյրութի մէջ, նմանօրինակ ցուցահանդէս մը կազմակերպելը մեծ նշանակութիւն ունի։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, որ ամբողջական առումով նեցուկ կանգնեցաւ դեսպանատան, յաջողութեամբ իրականացնելու համար այս նախաձեռնութիւնը։

Խօսելով Հայաստանի մատենադարանին մասին՝ Քոչարեան ըսաւ, թէ այդ մատենադարանը ստեղծուած է 1959-ին, եւ երեք տարի ետք կրած է Մեսրոպ Մաշտոցի անունը։ Աշոտ Քոչարեան հաստատեց, որ մատենադարանին մէջ կը գտնուին տարբեր լեզուներով ու տարբեր նիւթերով բազմատեսակ արխիւներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն։

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին խօսքին յաջորդեց 2009 Պէյրութ գիրքերու միջազգային մայրաքաղաք հռչակման մարմնի ընդհանուր համադրող Լէյլա Պարաքաթի ելոյթը ան յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի ընկերութեան մէջ ունի մեծ դերակատարութիւն, ու այս դիտանկիւնէն Հայաստանի դեսպանատան հետ նշեալ մարզին մէջ գործակցութիւնը ունի յատուկ բնոյթ եւ կարեւորութիւն։

Ապա Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանի աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան խօսեցաւ ընդհանրապէս մատենադարանին ու ի մասնաւորի ցուցադրութեան համար բերուած հին ձեռագիրներուն մասին՝ իւրաքանչիւրին մասին տալով տեղեկութիւններ։ Բացման հանդիսութեան ցուցադրուած հին ձեռագիրներուն շարքին էին Մովսէս Խորենացիի Պատմութիւն հայոց գործը, Կորիւնի Վարք Մաշտոցին, Եզնիկ Կողբացիի Եղծ աղանդոցը, Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան ողբերգութեանը, ինչպէս նաեւ Երզնկայի Աւագ վանքի ու Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններէ ԺԳ դարէն ու այլ ժամանակաշրջաններէ պահպանուած աւետարաններ։ Ցուցադրուած մատեաններուն թիւն էր 18։ Հաւաքին լուսանկարներու ու սահիկներու ընդմէջէն ներկայացուած էին Հայաստանի տեսարժան վայրերը։



Կրթաթոշակ յատկացուեցաւ յունահայ մեծանուն սոփրանօ Արտա Մանտիկեանի յիշատակին

Յունաստանի Երաժշտութեան Բարեկամներու միութիւնը նախաձեռնած է Ալեքսանտրա Թրիանտի կրթաթոշակներու մրցոյթի կազմակերպման, որ այս տարի ձօնուած է յունահայ մեծանուն արուեստագիտուհի սոփրանօ Արտա Մանտիկեանի եւ Խրիսթոս Լամպրաքիսի յիշատակին։

Նախատեսուած է երկու կրթաթոշակ յատկացնել 2010-2011 կրթական շրջանին համար այն ուսանողներուն, որոնք երաժշտական իրենց ուսումը կուզեն կատարելագործել արտասահմանի մէջ։

Թեկնածուները պէտք է ըլլան մինչեւ 30 տարեկան յոյն քաղաքացիներ, որոնք դիմումներ կատարած են արտասահմանի ուսումնարաններու մօտ։

Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի Մեղարօ Մուսիքիս երաժշտական Համերգասրահէն ներս եւ քննիչներու խորհուրդը բաղկացած է բարձրամակարդակ երաժշտագէտներու եւ արուեստագէտներու կողմէ, ինչպէս Ժանէթ Փիլու, Տաֆնի Էվանկելաթու, Լուքաս Քարիթինոս։ Դիմումները պէտք է ներկայացուած ըլլան մինչեւ 23 Ապրիլ 2010։

Կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը ընդունուած է միութեան նախագահ Խրիսթոս Լամպրաքիսի եւ մեծահամբաւ դասական երաժշտագիտուհի Արտա Մանտիկեանի յիշատակին, որ տասնամեակներ շարունակ վարեց Երաժշտութեան Բարեկամներու միութեան վարիչ մարմնոյ պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.