2010-04-01 13:09:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
՝՝ՀԱՅՈՑ ԴԵՐԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝՝ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ։
29-30 մարտ Գահիրէի Համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է միջազգային համագումար մը՝՝Հայերուն դերը արաբական աշխարհի տնտեսութեան մէջ ՝՝նիւթով , համալսարանի նախագահ Հուսամ Քամելի հովանաւորութեամբ։
Խօսք առած են Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Զէյն Ապիտին Ապու Խատրա եւ կեդրոնի տնօրէն Զէյնապ Ապու Սիննա, որոնք բարձր գնահատած են կեդրոնին ծաւալած աշխատանքը ՝՝հայ-արաբական՝՝ գիտական-կրթական եւ մշակութային համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ։ Համագումարին ընթացքին ընթերցուած են նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեանի ողջոյնի ուղերձները։ Համագումարին մասնակցած են եգիպտացի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած գիտնականներ, որոնց զեկուցումները նուիրուած են՝ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին հայ-արաբական տնտեսական յարաբերութիւններուն։ Բանախօսները բարձր գնահատած են դարերու ընթացքին հայերուն բացառիկ դերը Միջին Արեւելքի մէջ առեւտուրի եւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման գործին մէջ։ Կեդրոնին կողմէ որոշում տրուած է համագումարին նիւթերը տպագրել առանձին պրակով։
ՍԱՆ ՓԱՕԼՈՅԻ ՄԷՋ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ։
22-24 ապրիլին Սան Փաօլոյի համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, որուն կազմակերպիչներն են համալսարանի հայագիտական հիմնարկը, պատմութեան բաժանմունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոսութիւնը։ ՝՝Նոյեան Տապան՝՝ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Գիտաժողովին պիտի մասնակցին ցեղասպանութիւններ ուսումնասիրող եւ մարդկային իրաւանց մարզի յայտնի գիտնականներ՝ Պրազիլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ։
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԻՐԵՆՑ ՀՈՂԵՐԸ։ Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի մշակոյթի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է հայկական երաժշտութեան երեկոյ մը, որուն ընթացքին արուեստագէտ Մուսթաֆա Իլհան ունկնդիրներուն շարք մը ստեղծագործութիւններ ներկայացուցած է։
Ստեղծագործութիւնները կատարուած են տուտուկի վրայ։ Երաժշտութեան զուգահեռ պաստառի վրայ ցուցադրուած են Հրանդ Տինքի կեանքէն հատուածներ։ Երեկոյի ընթացքին յիշատակուած է նաեւ անցեալ տարի մահացած հայազգի երաժիշտ Արամ Տիգրանը, որուն աճիւնները թրքական իշխանութիւնները թոյլ չէին տուած ամփոփել Տիարպեքիրի մէջ(որ հանգուցեալ երաժիշտի փափաքն էր)։ Բեմ հրաւիրուած Տիարպեքիրի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ ամբողջ դահլիճը ձայնակցած են Արամ Տիգրանի՝ ՝՝Լուսնի Գեղեցկուհի՝՝ երգը կատարող Մուսթաֆա Իլհանին։ Օսման Պայտեմիր շնորհաւորած է երգերը կատարող Մուսթաֆա Իլհանն ու տուտուկահար Էօնտեր Ըշըքը եւ անոնց ծաղիկներ նուիրած։ ՝՝Մօտիկ անցեալին Տիարպեքիրի մէջ հայերը կարեւոր հատուած մը կը կազմէին։ Ցաւօք, մենք զանոնք կորսնցուցինք։ Սակայն միայն գացողները չեն կորսնցուցած. Անոնք՝տառապանքներ կրած են եւ ստիպուած հեռացած են։ Նաեւ մենք կորսնցուցած ենք։ Անոնք իրենց հետ տարին լիութիւնը եւ յաջողութիւնը։ Ձեզմէ կը խնդրեմ՝ վերադարձէ՛ք ձեր հողերը՝՝ (նշած է Տիարպեքիրի քաղաքապետը) ։
՝՝1915-ԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՋԱՆԱՑԱԾ ԵՆ ՎԵՐԱՑՆԵԼ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՝՝ ԿԸՍԷ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՍԵԼԻՄ ՏԵՐԻՆԿԻԼ ։
Թուրք յայտնի պատմաբան Սելիմ Տերինկիլ թրքական նոյնպէս յայտնի ՝՝Թարաֆ՝՝ օրաթերթի լրագրողուհի Նեշէ Տիւզելի հետ Թուրքիոյ մութ էջերուն վերաբերեալ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ՝՝1915-ին Երիտասարդ թուրքերը ջանացած են վերացնել ամբողջ հայ բնակչութիւնը։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Երիտասարդ թուրքերէն առաջ հայերու կոտորածներ եղա՞ծ են, պատմաբան Տերինկիլ յայտնած է ՝՝Այո՛, տեղի ունեցած են, սակայն սուլթան Ապտիւլ Համիտի եւ Երիտասարդ թուրքերուն միջեւ տարբերութիւնը այն էր, որ Երիտասարդ թուրքերը նպատակ ունէին ամբողջութեամբ վերացնել հայ բնակչութիւնը, իսկ Ապտիւլ Համիտ նման նպատակ չունէր, ան կ՝ուզէր ազատիլ որոշակի քանակութեամբ հայերէ՝ պակսեցնելով անոնց դերը տնտեսութեան մէջ, եւ հայերուն փոխարէն ստեղծել մահմետական քաղքենիական դասակարգ՝՝։ Թուրք պատմաբանը նաեւ ըսած է որ 1915-ին՝ 800 հազար հայ կոտորածի ենթարկուած է ,իսկ 1915-էն ետք որդեգրուծ հայ երեխաներու թիւը տղայ, թէ աղջիկ միասին շուրջ 300 հազարի մօտ է։







All the contents on this site are copyrighted ©.