2010-03-31 07:57:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հոգեհանգստեան պատարագը Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահուան 5-րդ տարելիցին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հոգեհանգստեան պատարագը Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահուան 5-րդ տարելիցին առթիւ։



Երկուշաբթի մարդ 29, 5-րդ տարելիցն է Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահուան։ Այս առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հոգհանգստեան պատարագ մատուցեց ս. Պետրոս տաճարին մէջ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան հայրը, մեկնաբանելով օրուան ս. Գրային ընթերցումները ըսաւ. Եսայեա մարգարէն կը ներկայացնէ Աստուծոյ ծառան որպէս Աստուծմէ ընտրուած անհատ մը որով կը հաճի։

Աստուծոյ ընտրեալը որպէս ճշմարիտ Աստուծոյ սպասաւոր անվերապահութեամբ ու ամենայն ճշմարտութեամբ կը հնազանդի իր տիրոջ։ Նոյնը կրնանք ըսել Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մասին։ Տէրը կանչեց զինք իր սպասաւորութեան ու հետզհետէ անոր յանձնեց միշտ աւելի բարձր պատասխանատուութիւններ, միաժամանակ անոր տալով հարկ եղած շնորհքները։ Ան գիտակից էր թէ Աստուած զինք կ'առաջնորդէր եւ այդ պատճառաււ անոր առաքելութիւնը պտղաբեր եղաւ։ Ասոր համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը, փառք տանք Աստուծոյ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բոլոր կեանքը եղաւ սիրոյ ներգործութիւն մը։ Ան Յիսուսի սէրէն մղուած վեհանձնութեամբ, անվերապահօրէն ու անչափօրէն ծառայեց Աստուծոյ ու եղբայրներուն։ Ով որ բախտը ունեցաւ մօտէն ճանչնալու շոշափեց այդ սէրը, որ Աստուասիրութենէ կու գար։ Ան իր ամբողջ կեանքը տուաւ Աստուծոյ ու համայն մարդկութեան համար։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քարոզին աւարտին խօսք մը ուղղեց լեհ հաւատացեալներուն հրաւիրելով զանոնք հպարտ ըլլալու իրենց Քահանայապետով եւ միաժամանակ պահպանելու ու ապրելու անոր մշակոյթը ու սրբութիւնը։

Մինչ կը պատրաստուինք ապրելու Աւագ Շաբաթը, փառաւոր օրեր Տիրոջ չարչարանքի, մահուան ու յարութեան, վստահութեամբ խնդրենք բարեխօսութիւնը Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ հովուանաւորութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի` Մայրը Եկեղեցւոյ, որպէսզի միշտատեւ ըլլանք անխոնջ առաքեալները Յիսուսի, անոր աստուածային Որդւոյն ու անոր գթարատ սիրոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.