2010-03-31 08:21:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշանթի մարտ 29, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Կարտինալ Սանտրին` Կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին.

Կարտնալ Իվան Տիաս` Կառավարիչը Ժողովուրդներու Աւետարանութեան,

Կարտինալ Հեռանց` երբեմնի նախագահը կանոնագիրքւ քահանայապետական խորհուրդի

Գերապայածառ ֆւզիքելլա` Նախագահը Կեանքի Քահանայապետական Կաճարին։

Իսկ յետմիջօրէին ժվմը 6-ին Նորին Սրբութիւնը հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ ս. Պետրոս Տաճարը Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի մահուան 5-րդ տարելիցին առթիւ։

Իսկ Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին խօսեցաւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հռչակման 25-րդ տարեդարձին մասին, հաստատուած Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան նպատակն է հրաւիրեփլ քրիստոնեայ երիտասարդները հետեւելու Յիսուսի, սիրել զայն ու ծառայել անոր եղբայրներու միջոցաւ։ Մի վախնաք ընդառաջելու անոր կանչին ու վեհանձնութեամբ այո ըսել անոր կանչին։ Ան ձեզ կը հրաւիրէ անոր ետեւէն քալելու քահանայական կամ կրօնաւորական կեանքին մէջ։ Այս ամբողջ ս. շաբաթուան ընթացքին Ս. Կոյս Մարիմաի հետ աղօթեցէք, հետեւեցէք անոր ան մեզ կ'առաջնորդէ դէպի Յարութեան լոյսը։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ պտղաբեր Սուրբ Շաբաթ։

Իսկ Ծաղկազարդի պատարգին. Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ բացայայտեց օրուան տօնին խորհուրդը ըսելով.Այսօր եկեղեցին կը տօնէ Ծաղկազարդը։ Այս տօնակատարութեան ընթացաքին կ՛օրհնուին ձիթենիի ճիւղերը եւ կը բաժնուին ժողովուրդին, որպէսզի ամէնքը մասնակցին Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ։ Հրեաները Յիսուսը ողջունեցին հետեւեալ խօսքերով. Օրհնեալ է ան որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Մենք եւս ողջունենք Քրիստոսի գալուստը մեր մէջ։ Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ առիթ է ուրախութեան եւ յոյսի։ Աղօթենք Տիրոջ որպէսզի մեզի պարգեւէ Երկինքի Արքայութիւնը. Աստուծոյ փառքը եւ խաղաղութիւն մարդոց միջեւ։ Մեր այս ողջոյնը ըլլայ Տէրունական աղօթքի հոգիով. ''Եղիցի կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի''։

Մենք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,գիտենք թէ երկինքը վայրն է Աստուծոյ փառքի ու խաղաղութեան, որովհետեւ հոն կը գերիշխէ Աստուծոյ կամքը։ Եւ գիտենք թէ երկիրը երկինք չէ, որքան որ Աստուծոյ կամքը չի կատարուիր։ Հետեւաբար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով ողջունենք Յիսուսը որ երկինքէն կու գայ եւ աղօթենք Անոր որպէսզի օգնէ մեզի ճամչնալու եւ կատարելու Աստուծոյ կամքը։ Թող Աստուծոյ Արքայութիւնը աշխարհ մտնէ որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ մեր մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.