2010-03-31 07:57:23

Լուրեր Հայ աշխարհէն


Լուրեր Հայ աշխարհէն

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ եղաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Ժողովականները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերաբերող շարք մը հարցեր։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին համանախագահներուն հետ։

Նախարարը ցաւակցութիւն յայտնեց Մոսկուայի Մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով ինկած զոհերուն համար։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութեանց վերջին զարգացումները եւ մատրիտեան առաջարկներուն հիմամբ կողմերուն դիրքորոշումները մօտեցնելու կարելիութիւնները։

Համանախագահները Էդուարդ Նալբանդեանը տեղեակ պահեցին նախանցեալ օր Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ իրենց ունեցած քննարկումներուն արդիւնքներէն։

Անդրադառնալով Մատրիտեան առաջարկներուն հետ կապուած վերջին շրջանի շահարկումներուն՝ նախարար Նալբանդեան ըսաւ Մատրիտեան սկզբունքները Հայաստանի կողմէ ընդունուած են իբրեւ բանակցութիւններու հիմք տակաւին երկու տարի առաջ եւ անոնք կը շարունակեն իբրեւ այդպիսին մնալ։



Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այցելութիւնը Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին։

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի։

Իր կարճ այցելութեան ընթացքին Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութեան եւ գործունէութեան, ապա իր անունով վարժարանին նուիրեց զոյգ գիրքերու քանի մը օրինակներ՝ Հայկական հեքիաթներու աշխարհ եւ Մեծերէն սորվէ՛ առակներու, ասոյթներու, առածներու եւ թեւաւոր խօսքերու գիրքը։ Զոյգ գիրքերն ալ արեւմտահայերէնով, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած, սփիւռքի մանուկներուն համար նախատեսուած գիրքեր են։

Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր կարգին նախարարին նուիրեց վարժարանի ամբողջական թղթապանակը, որ իր մէջ կ'ամփոփէր վարժարանի տարեգիրքը, պաշտօնաթերթ Մեսրոպեան Լրաբեր ամսաթերթի օրինակներ, վարժարանի տարեկան օրացոյցը, ինչպէս նաեւ Արուեստից վարժարանին մասին գրքոյկներ։



Հայոց տօնացոյցի ծագումն ու զարգացումը

2010-ին Երեւանի Պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքը լոյս ընծայեց Էդիթ Պրինտ հրատարակչութեան տպարանին մէջ հայրենի բանասէր եւ աստուածաբան Լեւոն Ազատի Սարգսեանի Հայոց տօնացոյցի ծագումն ու զարգացումը (4-8-րդ դդ) խորագրեալ հատորը։

Հեղինակը՝ Լեւոն Սարգսեան, ծնած է 1959-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ

Հայոց տօնացոյցի ծագումն ու զարգացումը խորագրեալ հատորը կը բաղկանայ 300 էջերէ, ունի Մուտք եւ կ'ընդգրկէ հետեւեալ հինգ գլուխները

Գլուխ Ա Համաքրիստոնէական տօնացոյցի հայկական տարբերակը եւ նրա նախօրինակը։

Գլուխ Բ Համաքրիստոնէական տօնացոյցի հայկական տարբերակի զատկացուցակը։

Գլուխ Գ Հայոց տօնացոյցի ընդլայնումը 5-րդ դարի 40-ական թուականներից մինչեւ 8-րդ դարի սկիզբը։

Գլուխ Դ Հայոց տօնացոյցի նոր զատկացուցակը։

Գլուխ Ե Հայոց տօնացոյցի նոր խմբագրութիւնը։

Հատորի աւարտին կայ նաեւ սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ։

Ներկայ ուսումնասիրութեամբ, Լեւոն Սարգսեան կը քննարկէ հայոց քրիստոնէական տօնացոյցի ծագումն ու զարգացումը՝ 325 թուականէն մինչեւ ութերորդ դար։

Կ'ըսէ, թէ Հայոց տօնացոյցի ծագման եւ զարգացման հետ կապուած այլազան հարցեր մուտք գործած են հայագիտութեան մէջ 18-րդ դարու վերջերուն։ Հեղինակը կ'ըսէ, թէ ներկայիս մատենագիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին հայոց տօնացոյցի եւ զատկացուցակներու ծագման եւ զարգացման կապակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.