2010-03-31 13:15:41

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՝ԸՆԴԱՌԱՋԷ ՕՊԱՄԱՅԻ ՀՐԱՒԷՐԻՆ ։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրը մասնակցելու ապրիլ 12-13-ին Ուաշինկթըն կայանալիք Միջուկային Անվտանգութեան Գագաթնաժողովին: Այս մասին տեղեկացուցած էՍերժ Սարգսեանի մամուլի քարտուղար Արմէն Արզումանեանը,նշելով, որ այդ օրերուն նախագահի գլխաւորած Պատուիրակութիւնը կ՝երթայ Ուաշինկթըն։ Միւս կողմէ ըստ թրքական "Սքայ- Թիւրք"հեռուստակայանին, Թուրքիոյ վարչապետը Էրտողան փոխած է իր որոշումը եւ 12 ապրիլին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն մասնակցելու համար նոյնպէս Հիւլէական Անվտանգութեան Վեհաժողովին։ Էրտողան իր հետ պիտի տանի նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը։ Գալով թրքական մեզի ծանօթ ԹԱՐԱֆ թերթին,Թուրք յայտնի պատմաբան Սելիմ Տերինկիլ այս օրերուն "Թարաֆ" օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, թէ "1915-ին Երիտասարդ թուրքերը ջանացած են վերացնել ամողջ հայ բնակչութիւնը"։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՍԵՐՊԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵ ՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ։
Իսրայէլի եւ Սերպիոյ խորհրդարանները կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր քննարկելու։ Իսրայէլեան լրատու-միջոցներ կը հաղորդեն, որ ապրիլին անգամ մը եւս Մերեց կուսակցութիւնը քուէարկութեան համար Քնեսեթին պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Մերեց կուսակցութեան ղեկավար Խայիմ Օրոնի պատրաստած բանաձեւը կը դատապարտէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած հայերու կոտորածները՝ զանոնք որակելով Ցեղասպանութիւն։ Մերեց կուսակցութիւնը նախապէս եւս փորձած է Քնեսեթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արծարծել, սակայն այդ քայլերը յաջողութեամբ չեն պսակուած։ Միւս կողմէ, Սերպիոյ խորհրդարանը իր կարգին կը պատրաստուի քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ ներկայացուած է Սերպիոյ Արմատական կուսակցութեան կողմէ։ Կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Զորան Քրասի յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը մօտիկ ապագային պիտի քննարկուի երկրի խորհրդարանին մէջ։
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի ուշ երեկոյեան Բրիտանիոյ խորհրդարանի Լորտերու տան մէջ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած քննարկման սկիզբը պարոնուհի Քոքս ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը, ժամանակի միջազգային գործիչներու արձագանգը դէպքերուն եւ Բրիտանիոյ ունեցած փաստաթուղթերը՝ դարասկիզբի հայկական ջարդերուն մասին։ Ան կոչ ուղղած է Բրիտանիոյ կառավարութեան միանալու քաղաքակիրթ ազգերուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Անոր կեցուածքին սատարող ելոյթներ ունեցած են Լորտերու տան քսան անդամներ։
ՇՈՒԷՏԻ ՄՕՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ՝ ՇՈՒԷՏ։
Թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը երէկ վերադարձած է Սթոքհոլմ։ Դեսպան Զերկիւն Քորութիւրք լրագրողներուն յայտնած է, որ Անգարայի մէջ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք կը վերադառնայ Շուէտ։
ՖԻԼԻՓ ՔՐԱՈՒԼԻ ԿԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն պնդել, որ Հայաստանը ու Թուրքիան պէտք է յառաջ շարժին եւ վաւերացնեն յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւնները։ Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մասին հարցումի մը՝ Քրաուլի նկատած է որ ՝՝Անգարա ինք պէտք է որոշէ իր դեսպանը Ուաշինկթըն վերադարձնելու հարցը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.