2010-03-30 13:34:55

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԵԹՐՈՅԻ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ 37 ԶՈՀԵՐ ՊԱՏՃԱՌԱԾ։
Մոսկուայի ստորերկրեայ երկաթուղիի մէջ երկու կիներու կողմէ կատարուած անձնասպանական երկու գործողութիւններ պատճառեցին 39 զոհեր ։Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, թէ իր երկիրը առանց զիջումի պիտի փորձէ արմատախիլ ընել ահաբեկիչները։ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքով Մետվետեւին յայտնեց, որ երկու ռումբերը քամերով եւ երկաթի կտորներով լեցուած էին։ Ան յարձակումները առնչեց Հիւսիսային Կովկասի հետ։ Առաջին պայթումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 8.00-ին, ռուսական գաղտնի սպասարկութեան շատ մօտ գտնուող Լուպեանկա կայարանին մէջ։ Իսկ շուրջ քառասուն վայրկեան ետք այլ պայթում մը ցնցեց Կորքի զբօսայգիին մօտ գտնուող Բարկ Քուլթուրի կայարանը։ Արձանագրուած են 71 վիրաւորներ, որոնցմէ հինգ հոգիի վիճակը ծանր է։ Իսկ 14 դիակներու ինքնութիւնը տակաւին չէ ստուգուած ։ Կը նախատեսուի, որ զոհերու թիւը բարձրանայ։ Վիրաւորներու շարքին են երկու հայեր։Իսկ երէկ Հայաստանցի երկու քաղաքացիի մահուան մասին տեղեկացած էինք,իսկ այսօր միայն մէկ հոգի կեանքը կորսնցուցած է ըլլալով լուր ստացանք ,ուստի այս ուղղութեամբ կը սպսասենք այլ ուղիղ տեղեկութեանց ։
ՄԱՐԻԱ ՊԱՂՐԱՄԵԱՆ ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻՈՅ ԱՆԴԱՄ։
Իրլանտաբնակ հայազգի փրոֆ. դոկտ. Մարիա Պաղրամեան, Մարտ 16ին ընտրուեցաւ Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիոյ անդամ։ Սոյն ակադեմիան, որ հիմնուած է 1785ին, Իրլանտայի գիտութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնն է։ Մարիա Պաղրամեան առաջին ոչ եւրոպացի կինն է, ինչպէս նաեւ առաջին հայը, որ անդամ ընտրուած է Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիոյ։
Փրոֆ. Պաղրամեան ծնած ու մեծցած է Իրանի մէջ։ 1977ին աւարտած է Թեհրանի համալսարանը, այնուհետեւ՝ Պելֆասթի «Քուինզ» համալսարանը եւ Տուպլինի «Թրինիթի» քոլեճը։ 1990էն սկսեալ փիլիսոփայութիւն կը դասաւանդէ Տուպլինի համալսարանական քոլեճին մէջ։ Ան միջազգային ճանաչում ունի լեզուի փիլիսոփայութեան եւ ժամանակակից ամերիկեան փիլիսոփայութեան վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով։ Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կը ներառեն նաեւ վերլուծական փիլիսոփայութիւնը, գիտելիքի հիմնական տարրերը ուսումնասիրող փիլիսոփայութեան ճիւղը եւ յարաբերականութիւնը։
Մարիա Պաղրամեան Իմացական գիտական ծրագրի համատնօրէնն է եւ Տապլինի համալսարանական քոլեճի փիլիսոփայութեան դպրոցի փոխտնօրէնը։ Հեղինակ է քանի մը աշխատութիւններու։ Պաղրամեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Լեզուի ժամանակակից փիլիսոփայութիւնը» աշխատութիւնը, որ լայնօրէն կը գործածուի որպէս դասագիրք։ Գիտնականը 2004էն ի վեր նաեւ «Փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու միջազգային հանդէս»ի խմբագիրն է։
Մարի Պաղրամեան աշխուժօրէն ընդգրկուած է լեզուի փիլիսոփայութեան վերաբերեալ միջազգային հետազօտական ցանցին մէջ, նաեւ Տապլինի մէջ փիլիսոփայական գիտաժողովներու պատասխանատուն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.