2010-03-30 13:31:30

2010-ը՝ Հայ Կնոջ Տարին։ Կինը Ներկայ Ժամանակներուն։


2010-ը՝ Հայ Կնոջ Տարին։ Կինը Ներկայ Ժամանակներուն։

Կնոջ հետ աղերս ունեցող խնդիրները ու մարտահրաւէրները, մտահոգութիւնները ու պահանջները փաստօրէն դարձած են տիրական բոլոր ընկերութիւններու, մշակոյթներու, պետութիւններու ու նաեւ կրօններու օրակարգին վրայ, առաւել կամ նուազ չափով։ Արմատական ու արագասոյր փոփոխութիւններու ենթակայ ընկերութեան կեանքին մէջ կնոջ տեղը դարձած է յաճախ տարակարծութիւններ յառաջացնող եւ բողոքի ու ընդվզումի մղող կարեւոր ազդակ։ Այս գծով պահպանողական ու պահանջատիրական, պաշտպանողական ու ջատագովական, աւանդական ու արդիական մօտեցումներ յաճախ բախումի մէջ են։
Արդարեւ, կնոջ հաւասարութիւնը ապահովելու, անոր իրաւունքները հաստատելու ձգտող շարժումներով, նախաձեռնութիւններով ու աշխատանքներով լեցուն է վերջին կէս դարու ժողովուրդներու պատմութիւնը։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն կնոջ կարեւոր դերակատարութիւն տալու ձգտումը միշտ ներկայ եղած է յատկապէս Արեւմտեան Երկիրներու մօտ։
Կնոջական շարժումներուն նոր թափ տալու եւ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներէն ներս կնոջ իրաւունքները ու դերը շեշտելու յանձնառութենէ մղուած, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 1975-1985 երկարող տասնամեակը հռչակեց որպէս ՝՝Կնոջ Տասնամեակ՝՝ որու ծիրէն ներս բոլոր պետութիւնները յանձնառու եղան վերացնելու ամէն տեսակ խտրականութիւն եւ բռնութիւն կնոջ նկատմամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.