2010-03-29 13:40:30

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԵԹՐՈՅԻ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԶՈՀ ԳԱՑԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐ։
Մոսկուայի ստորերկրեայ երկաթուղիի մէջ այս առաւօտ պատահած պայթումներու հետեւանք մեռած են Հայաստանի երկու քաղաքացիներ՝ Հասմիկ Մելքումեանը՝ ծնեալ 1973ին, Երեւանի բնակիչ,որ ժամանակաւորապէս կը գտնուէր Մոսկուայ, եւ Լեւոն Խաչատրեանը՝ ծնեալ 1982ին նոյնպէս ժամանակաւորապԷս Մոսկուայ կ՝ապրէր։ Իսկ վիրաւորեալներու ցանկին մէջ կը գտնուի այլ Հայաստանի քաղաքացիի մը անունը՝ Համիկ Մարտիրոսեան՝ ծնեալ 1992ին : Ան այժմ կը գտնուի Մոսկուայի թիւ 36 հիւանդանոցը ։Այսօր 29 մարտ ,առաւօտ կանուխ ահաբեկչական արարքի մը,մեծ հաւանականութեամբ կնոջ մը կամ երկու կիներու կողմէ գործադրուած անձնասպանական գործողութեան մը հետեւանք Մոսկուայի Մեթրոյին մէջ Սոկոլնիչեսկի գծի «Լուբեանկա» եւ «Պարկ կուլտուրի» կայարաններու մօտ յառաջ եկած են մահացու պայթումներ,պատճառելով բազմաթիւ զոհեր,ընդ որս երկու հայաստանցի երիտասարդ քաղաքացիները,այս առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները՝ երկու հայ երիտասարդի ծնողքին,հարազատներուն եւ բարեկամներուն ։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու կրճատման նոր համաձայնագիրի մը շուրջ փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացուցած են։ Երկու նախագահներուն միջեւ համաձայնութիւնը գոյացած է ուրբաթ օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին։ Ըստ ռուս-ամերիկեան նոր համաձայնագիրին, կողմերը կը պարտաւորուին մարտագլուխներու քանակը հասցնել մինչեւ 1550-ի, ինչ որ շուրջ 30 առ հարիւրով նուազ է ներկայ մակարդակէն։ Երկու երկիրներու առաջնորդները Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու նոր համաձայնագիրը պիտի ստորագրեն 8 ապրիլին՝ Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին։ Նոր համաձայնագիրը վաւեր պիտի մնայ տասը տարի։
ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԻՏԻ ՆՈՐՈԳՈՒԻ ՄԶԿԻԹԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ։
«Մարմարա».- «Անատոլու» գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ Մալաթիոյ մէջ Գայնարճա թաղամասի Մզկիթի կառուցման միութիւնը, մշակոյթի նախարարութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով, որ արտօնուի Չավուշօղլու թաղամասի հին հայկական եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։ Կ՛ենթադրուի, որ յիշեալ եկեղեցին կառուցուած է 18րդ դարուն։ Ներկայիս անոր փայտաշէն գմբէթը փլած է, հետեւաբար, աւելի չվնասուելու համար, շէնքին դռներն ու պատուհանները քարերով փակուած են։
Հրանդ Տինք 2002 թուականին այցելած ու ուզած էր եկեղեցին նորոգութեան ենթարկել, (կը հաղորդէ լրատու գործակալութիւնը) ։ Մզկիթի կառուցման միութեան նախագահ Լաթիֆ Եըլտըրըմ նշած է, որ 2009 թուականի առաջին օրերէն ի վեր, միութիւնը որոշած է նորոգութեան ենթարկել եկեղեցին, այս նպատակին համար ալ պիտի գործակցին հասարակական կազմակերպութիւններու ու քաղաքին մէջ բնակող ոչ իսլամներու հետ։
Լ. Եըլտըրըմ ըսած է նաեւ, որ ամէն մարդ պաշտամունքի ազատութիւն ու կարելիութիւն պէտք է ունենայ։ Եթէ ժամանակին կրօնքները կրցած են քով քովի ապրիլ, այսօր ալ պէտք է, որ այդպէս ըլլայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.