2010-03-28 14:59:18

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Յովհաննէս Թումանեան


Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Յովհաննէս Թումանեան

(1869-1923).

Մարտ 23ին, մահուան 87րդ տարելիցն էր ՝՝ամենայն հայոց բանաստեղծ՝՝ Յովհաննէս Թումանեանի։ Միայն 54 տարեկան էր հայ գրականութեան ՝՝Հանճարեղ Լոռեցին՝՝ (ինչպէս որ իր կարգին հանճարեղ բանաստեղծը՝ Չարենց հռչակած է Թումանեանին), երբ դեղնախտի խլիրդը ապաժամ խլեց կեանքը հայ ժողովուրդի բացառիկ այս ծնունդին։



Լոռեցի էր Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը։ Ծնած էր 19 Փետրուար 1869ին, Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած էր Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883ին անցած էր Թիֆլիս, ՝՝Ներսիսեան՝՝ Ճեմարանի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887ին ակամայ լքած էր դպրոցը եւ նետուած կեանքի ասպարէզ՝ աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական Խորհուրդի, ապա՝ Հայ Հրատարակչական Միութեան գրասենեակներուն մէջ։ Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողը եղաւ Թումանեան, որ այդ բոլորին հանճարեղ երգիչը դառնալով՝ անմահացաւ ու իրեն հետ անմահացուց Հայաստանն ու Հայութիւնը։



Հայ ժողովուրդի ազային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր դրօշակիրը նաեւ եղաւ Թումանեան՝ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ, հաւատաւոր ջատագովը դառնալով ինչպէս հայ ժողովուրդի անբուժելի ռուսասիրութեան, նոյնպէս եւ վրացի ու թուրք-թաթար հարեւաններուն հետ անկեղծ բարեկամութեան։ Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով՝ արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին։ Եւ պատահական չէ, որ իր դիւցաներգութեամբ, վիպերգներով, հեքիաթներով եւ առակներով Թումանեան դարձաւ ամէնէն շատ սիրուած ու կարդացուած րողներէն մէկը հայ իրականութեան։



Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու հետեւանքով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգութեանց՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներ հրահրուեցան 1905ին, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։ Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը ստացաւ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ։ Յատկապէս մեծ եղաւ Թումանեանի ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւրհազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժման եւ սննդաւորման դժուարին ործին մէջ։ Այդ ժամանակ էր, որ Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան՝ Թումանեան յայտարարեց, թէ ինքն ալ ՝՝Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝՝ն է եւ, այդ իրաւունքով, բանալ տուաւ վեհարանը։ Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը եղաւ Հայաստան ժամանումը 1921ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի ՝՝Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ՝՝ ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ։ Այդ առաքելութիւնը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, իսկ Թումանեան բռնուեցաւ դեղնախտէ։ Անմիջապէս վիրահատման պէտք է ենթարկուէր եւ ան ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող ՝՝Հանճարեղ Լոռեցին՝՝ վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ 1923ի՝ Մարտ 23ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.