2010-03-28 16:13:00

Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում - Կիրակի 28 Մարտ 2010 Ծաղկազարդ (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17)Փառք գալստեան քո Տէր


Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում - Կիրակի 28 Մարտ 2010 Ծաղկազարդ (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17)Փառք գալստեան քո Տէր

ԵՐԻՔՈՎԻ ԿՈՅՐԵՐԸ

29 Մինչ Երիքովի մէջէն կ'անցնէին, սկսաւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը ալ անոր ետեւէն։

30 Եւ ահա, երկու կոյրեր նստած էին ճամբու եզերքը։ Երբ ասոնք լսեցին, թէ Յիսո՛ւս կ'անցնի իրենց առջեւէն, պոռալու սկսան եւ ըսին Յիսուս, Դաւիթի որդի, ողորմէ՛ մեզի։

31 Ամբոխը անոնց սաստել սկսաւ, որ լռեն, բայց անոնք՝ դե՛ռ աւելի կը պոռային եւ կ'ըսէին Տէ՛ր, ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ որդի։

32 Յիսուս կանգ առաւ, իր մօտ կանչեց զիրենք եւ ըսաւ Ի՞նչ կ'ուզէք որ ընեմ ձեզի։

33 (Անոնք) ըսին Տէր, (կ'ուզենք), որ մեր աչքերը բացուին։

34 Յիսուս անոնց վրայ գթալով, անոնց աչքերուն դպաւ, անմիջապէս տեսնելու սկսան եւ անոր ետեւէն գացին։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

1 Երբ Երուսաղէմի մօտեցած էին եւ Ձիթենիներու լերան մօտ (գտնուող)՝ Բեթփաէ (գիւղը) հասան, Յիսուս իր աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց,

2 եւ (այսպէս) ըսաւ անոնց Ձեր այս դիմացի գիւղը գացէք, հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք, քուռակն ալ անոր կողքին, քակեցէ՛ք եւ ինծի՛ բերէք։

3 Եթէ պատահի, որ մէկը բան մը ըսելու ըլլայ ձեզի, ըսէք, թէ Անոնց տէ՛րը պէտք ունի անոնց եւ անմիջապէս պիտի թողու, (որ բերէք) ատոնք ։

4 Բայց անոր համար եղաւ այս ամէնը, որ մարգարէին (այն) խօսքը կատարուէր, որ կ'ըսէ

5Պատմեցէ՛ք Սիոնի աղջկան, որ ահա, իշու եւ աւանակի վրայ հեծա՛ծ քեզի կու գայ քու հեզ թագաւորդ ։

6 Աշակերտները գացին եւ այնպէս ըրին, ինչպէս Յիսուս հրամայած էր իրենց։

7 Բերի՛ն էշն ու աւանակը, լաթեր դրին անոնց վրայ եւ անոնց վրայ նստաւ Յիսուս։

8 Ճամբու վրայ, Ժողովուրդէն շատեր՝ իրենց հագուստները փռեցին, ուրիշներ՝ ճիւղեր կը կտրէին ծառերէն եւ ճամբու վրայ կը տարածէին ատոնք։

9 Առջեւէն եւ ետեւէն գացող ժողովուրդը կը գոչէր ու կ'ըսէր Օրհնութի՜ւն Դաւիթի որդիին, օրհնութի՜ւն անոր, որ Տիրոջ անունով կու գայ, օրհնութի՜ւն բարձունքներու մէջ։

10 Մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէր, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ եւ կ'ըսէին Այս ո՞վ կրնայ ըլլալ (արդեօք)։

11 Ժողովուրդի բազմութիւնը կ'ըսէր Յիսուս մարգարէն է սա, գալիլեացիներու Նազարէթ քաղաքէն։

ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐԸ ՏԱՃԱՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՎՏԱՐՈՒԻՆ

12 Յիսուս տաճար մտաւ, դուրս հանեց (անկէ), բոլոր անոնք, որ այդ տաճարին մէջ առուծախ կ'ընէին, տապալե՛ց լումայափոխներու սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները,

13 եւ ըսաւ անոնց Գրուած է, թէ Աղօթքի տուն պիտի կոչուի իմ տունս եւ դուք՝ աւազակներո՞ւ որջի վերածեր էք այդ։

14 Տաճարի մէջ՝ կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն քով եւ բժշկեց անոնք։

15 Երբ քահանայապետներն ու դպիրները՝ անոր կատարած այս հրաշալի գործերը տեսան, (ինչպէս նաեւ մանուկները, որոնք տաճարի մէջ կը պոռային եւ կ'ըսէին Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին՝ բարկացան,

16 եւ իրեն ըսին Կը լսե՞ս, թէ ինչ կ'ըսեն ատոնք։ Յիսուս ըսաւ անոնց Այո, բայց չէ՞ք կարդացած (այն վկայութիւնը), թէ Դուն՝ մանուկներու եւ ծծկեր երեխաներու բերնով հիւսել տուիր օրհնութիւնդ ։

17 Եւ (այդ տեղ) թողլով անոնք, քաղաքէն ելաւ, Բեթանիա գնաց եւ հոն գիշերեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.