Աստուածածնայ Աւետման
տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2010 երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս
ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը սուրբ Պատարագ մատոյց Աշրաֆիէի սուրբ
Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպութեամբ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան:
Ներկայ էր Եկեղեցական դասը, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ,
Միութենականներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրը, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝
Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան եւ Փոխ-ժողովրդապետ՝ Տէր Կարապետ Քհն. Թադէոսեան ընդունեցին
հաւատացեալներուն բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ
գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը երիտասարդ տաղանդաւորներով: Տօնակատարութեան աւարտին,
եկեղեցական դասը եւ «Ս. Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ զանազան միութենականներ եւ բարեկամներ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ մասնակցեցան երեկոյեան ընթրիքին:
|
|
|
|