2010-03-27 13:44:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։



Շաբաթ մարտ 27, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

Գերապայծառ Անճելօ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատին.

գերապայծառ Էթերեովիչ` ընդհանուր քարտուղարը եպիսկոպոսներու դիւնոդոսի.

Հուսկ Նորին Սրբոութիւնը ընդունեց. Տիար Մարիուս Լազուրգա` Ռումնաիոյ դեսպանը եւ անոր կողակիցը` ողջերթի այցելութիւն։



Սքանտինավեան երկիրներու եպիսկոպոսներու հինգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սրբազան Քահանայապետին` անչափահասներու իրաւունքը պէտք է գերադասէ չափահասներու իրաւունքը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Սքանտինավեան երկիրներու եօթը եպիսկոպոսները հինգամեայ կանոնական իրենց այցելութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած ճառով պաշտպանը հանդիսացաւ գաղթականներու որոնց մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են։ գաղթականը պէտք է ոչ միայն ճանչնայ նոր հայրերնիքի մշակոյթը այլ եւ պէտք է խորացնէ իր քրիստոնեական հաւատքը, սեփական մշակոյթը ու հաւատքը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը նկատելով ամուսնութեան հաստատութեան տկարացումը իրաւունքը պաշտպանեց նորածիներու մատնանշելով թէ անչափահասներու իրաւունքը պէտք է գերադասէ չափահասներու իրաւունքը։

Յայտնենք թէ սքանտինավեան երկիրներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը լիւտերանական են, կաթողիկէները փոքրամասնութիւնը կը կազմեն եւ յաճախ անոնք ծագումով գաղթական են։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Կարտինալ Սոտանօ նշանակուած է որպէս Քահանայապետական պատուիրակ գլխաւորելու -Սպանիայի Ս. Հաղորդութեան ազգային 10-րդ գիտաժողովը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակած է կարտինալ Սոտանօ` գահերէցը կարտինալական դասին, որպէս քահանայապետական պատուիրակ գլխաւորելու Սպանիայի Ս. Հաղորդութեան ազգային 10-րդ գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Թոլետօ քաղաքը 27-30 մայիս 2010-ին։



Ս. Աթոռի մամլոյ հաղորդագրութիւն Կուաթեմալայի հանրապետութեան նախագահի Վատիկան այցելութեան աւարտին։
Ուրբաթ առաւօտ, Կուաթեմալայի հանրապետութեան նախագահը տիար Ալվարօ Գաբալլերոս այցելութիւն կատարեց Սրբազան Քահանայապետին եւ ապա յաջորդաբար հանդիպում ունեցած է Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթի։
Սիրալիր խօսակցութեան ընթացքին ի յայտ դրուեցաւ բարի յարաբերութիւնները եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ եւ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ եկեղեցւոյ սատարը երկրին բարգաւաճումին ի խնդիր։ Նոյնպէս կարծիքներու փոխանակում եղաւ միջազգային կացութեան մասին մասնաւորապէս անդրադառնալով աշխարհի աղքատութեան, կազմակերպուած ոճրագործութեան ու գաղթականութեան մասին։ Խօսակցութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ կարեւորութեան մարդկային կեանքի պաշտպանութեան, անոր յղացումէն մինչեւ բնական մահը եւ դաստիարակութեան դերին վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.