2010-03-27 13:47:46

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն Յունաստան - Հսկումի արարողութիւն Սերրէսի մէջ

Ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի թաղականութեան ատենապետ պրն. Վարդգէս Գունտաքճեանի, թաղականութեան ու դպրաց դասի անդամներու, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Մասիս վրդ. Զօպուեան ուղղուեցաւ Սերրէս Մեծ Պահեցողութեան Հսկումի արարողութիւն կատարելու համար համայնքի զաւակներուն, որոնք մեծ թիւով ներկայ գտնուեցան տեղւոյն ազգային սրահին մէջ։

Արարողութեան աւարտին հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Պահեցողութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան, յատկապէս Սփիւռքի պայմաններուն մէջ անոր վերապահուած իւրայատուկ դերակատարութեան, որպէս մեր հոգեւոր ու ազգային սնունդի աղբիւրը։ Ապա ան անդրադարձաւ հաւատարմութեան, համբերութեան եւ միասնականութեան խնդիրներուն, անոնց ճամբով դիմադրելու կեանքի դժուար պայմաններուն դէմ։

Ներկայ հաւատացեալները հետեւեցան հոգեպարար արարողութեան, որու աւարտին հանդիպում ունեցան հայր սուրբին ու թաղականութեան անդամներուն հետ։ Ապա անոնք հանդիպում ունեցան տեղւոյն Համազգայինի վարչութեան անդամներուն եւ անոնց տեսչութեամբ կառավարուող շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ։

Շաբաթօրեայ դպրոց կը յաճախեն աւելի քան 15 աշակերտներ, որոնք հայերէն լեզուի, կրօնի եւ հայոց պատմութեան դասընթացքներու կը հետեւին։ Հայր սուրբը իր ընկերակիցներուն հետ գնահատեց Համազգայինի եւ ուսուցչական կազմի աշխատանքը, որ հայեցի դաստիարակութեամբ ազգային ոգին եւ հայրենասիրութիւնը կենդանի կը պահէ անոնց մէջ։



ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ- Ազգային արհեստից քոլեճը սկսած է բնական եւ սննդականոնի յատուկ ուտելիքներու պատրաստութեան դասընթացք մը, որուն կը մասնակցին աւելի քան 30 կիներ։ Տօնական օրերուն առիթով իւրայատուկ գործունէութեան մը ձեռնարկելու նպատակով՝ Ազգային արհեստից քոլեճը ուրբաթ, 26 մարտ 2010-ին, համախմբած էր դասընթացքին հետեւող կիները եւ հրաւիրած էր Սիլվա Նազարեանը, որպէսզի տօնական օրերու յատուկ զարդարանքներ ներկայացնէ անոնց։

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային արհեստից քոլեճի պատասխանատու Մակի Խաչերեան։ Ապա Սիլվա Նազարեան նկատել տուաւ, որ փոխանակ մեծ գումարներ ծախսելու՝ շուկայէն պատրաստ կողովներ գնելու համար, կարելի է տան մէջ նուազ ծախսալից կողովներ պատրաստել եւ զարդարել։ Այնուհետեւ ան սկսաւ աշխատանքի եւ Զատկուան տօնին առիթով յատուկ ու շատ գեղեցիկ լուսամփոփէ կողով մը զարդարեց տուրմով եւ մոմերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.