2010-03-27 12:57:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ՝ՎԵՀԱՐԱՆԻ ԻՐ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ։
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սփիւռքի նախարարը ներկայացուց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որմէ ետք նախարար Հրանուշ Յակոբեան համապարփակ զեկուցում մը ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան կազմաւորման եւ անոր մշակած ծրագիրներուն մասին։Իսկ առաւօտուն միշտ նոյն օրը այսինքն 26 Մարտ-ին վեհարանի իր Գրասենեակին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու գործակցութեան եւ յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան առնչուած շարք մը հարցեր։ Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը սերտացնելու եւ հայ ժողովուրդի միասնակացութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։
ՄԱՐԻ ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ Կ՝ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ յայտարարած է, որ հայ - թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման հոլովոյթը Ուաշինկթընի համար գերակայ ուղղութիւն է։ Ըստ ամերիկացի դեսպանին, այս հոլովոյթը տակաւին կը շարունակուի մարտահրաւէր մնալ։ Եովանովիչ կը հաւատայ, որ միեւնոյն ժամանակ երկու երկիրներու հասարակութիւնները արդէն այսօր կը գիտակցին այդ մերձեցման անհրաժեշտութեան եւ օգուտներուն։ Այս նպատակով հայ եւ թուրք հասարակութիւններուն մօտ պէտք է յարաբերութիւնները կարգաւորելու պահանջ յառաջացնել, ինչ որ թոյլ պիտի տայ քաղաքական գործիչներուն այս ուղղութեամբ հետագայ քայլեր կատարելու։
ԵՒՐՈՊԱՆ Կ՝ԱՆՑՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԻ։ Ամառնային ժամի կիրարկումը պիտի գործադրուի այս կիրակի օրը 28 մարտին, առաւօտեան դէմ,այսպէս իտալիոյ մէջ կիրակի օրը ժամը 2-ին ժամացոյցի սլաքաները մէկ ժամ առաջ պիտի տարուին։
ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԵԼԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել 29 մարտին Անգարա կը ժամանէ երկօրեայ այցելութեան մը համար։ Այս աիթով Մերքել դիտել տուած է թէ Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին, Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ լրիւ անդամակցութեան փոխարէն՝ այլ տարբերակ մը պիտի առաջարկէ։ Նշենք որ Գերմանիա անցեալին եւս նման առաջարկով հանդէս եկած է ինչ որ անընդունելի բնորոշուած էր Թուրքիոյ կողմէ այդ ՝՝սերտ յարաբերութեանց համագործակցութեան ձեւը ՝՝։ 2005ին սկիզբ առած Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացքը շատ դանդաղ կը յառաջանայ յատկապէս Եւրոպական Միութեան կարգ մը անդամ երկիրներու կողմէ արտայայտուող հակառակ կարծիքներու լոյսին տակ,ինչպէս ֆրանսան,Կիպրոսը եւ նոյնպէս Գերմանիան։ Անկելա Մերքել 30 մարտին Պոլիս պիտի ըլլայ։
ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՔՍ ԿՈՉ Կ՝ՈՒՂՂԷ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Բրիտանական կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորագիրը կրող նամակով Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դիմած է բրիտանական կառավարութեան եւ խնդրած է վերատեսութեան ենթարկել մերժողական քաղաքականութիւնն ու ընդունիլ ճշմարտութիւնը՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Միաժամանակ, ան նկատած է, որ անյոյս է, թէ բրիտանական կառավարութիւնը պիտի փոխէ իր մերժման հետեւողական քաղաքականութիւնը։
Ըստ Քոքսի, խնդիրը արդիական է՝ երեք հիմնական պատճառներով։ Առաջինը այն է, որ պէտք է ընել այնպէս, ինչպէս վարուած են աշխարհի բազմաթիւ խորհրդարանները ու նաեւ վերջերս Շուէտի խորհրդարանը՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իբրեւ երկրորդ դրդապատճառ, Քոքս կը յիշեցնէ նախորդ տարուան դեկտեմբերին հրապարակուած ՝՝Ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է՝՝ խորագիրով յօդուածը, ուր թագաւորական փաստաբան Ճեֆրի Ռոպըրթսըն վկայակոչելով արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակի պաշտօնական փաստաթուղթերը, ցոյց կու տայ, թէ բրիտանական կառավարութիւնը ինչպէ՛ս խաբած է խորհրդարանն ու հասարակութիւնը։ Երրորդ պատճառը, թէ ինչո՛ւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդիական հարց է, այն է, որ այս տարի կը լրանայ օսմանեան թուրքերու կատարած ոճրաործութեան 95-ամեակը եւ, ըստ Քոքսի, շատոնց ժամանակը հասած է ճանչնալու Ցեղասպանութեան փաստը։ Պարոնուհի Քոքս նամակը շարունակելով կը նկատէ, որ ամէն անգամ, որ որեւէ նախաձեռնութիւն կըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին, թրքական կառավարութիւնը կը կատղի եւ ամէն ինչ կընէ կանխելու համար զայն։ ՝՝Ժամանակները կը փոխուին, սակայն ինչպէս քաղաքակիրթ այլ երկիրները ճանչցան Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, անիկա վաղեմութեան ժամկէտներ չունի՝՝կը գրէ դեռ իր նամակին մէջ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս։







All the contents on this site are copyrighted ©.