2010-03-26 13:06:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Այսօր ուրբաթ 26 մարտ,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Կուաթեմալայի հանրապետութեան Նախագահը Ալվարօ Գոլօմ Գապայյերօս եւ իր շքամումբը։ Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց՝ Կարտինալ Վիլիամ Լեվատա Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը,որմէ յետոյ Կարտինալ Բէթէր Աբբիահ Թուրքսօն Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն կոչուած Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը։ Հուսկ միշտ այսօր Սրբազան հայրը ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան Դեսպանը Սուրբ Աթոռի մօտ՝Տիար Ալպէր Իսմայիլ Եէլտա որ եկած էր կատարելու իր հրաժեշտի այցելութիւնը։ Իսկ երէկ երեկոյան տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան հանդիպումը՝ Լացիօ Մարզի ու Հռոմ քաղաքի նաեւ Իտալիոյ այլ քաղաքներէ եկած 70հազար երիտասարդներու հետ,Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ 25ամեակի առթիւ։ Այս առթիւ երիտասարդներու ուղղած իր խօսքին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ որ ՝՝ Կեանքը պէտք չէ վատնել,եւ ոչ ալ ապրիլ օրուան համար՝՝ որովհետեւ Աստուած ունի ծրագիր մը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար՝՝։ Ապա պէտք է ընդառաջել պատուիրաններուն որոնք մեզ կը հրաւիրեն զԱստուած սիրելու եւ մեփր մերձաւորը նման մեր անձին։ Հարկ է մտածել (ըսաւ դեռ Սրբազան Հայրը) որ ՝՝ես սիրուած եմ, ես անհրաժեշտ եմ եւ Աստուած ինծի համար ունի ծրագիր մը պատմութեան ամբողջութեանը մէջ՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.