2010-03-25 14:00:15

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան օրեր
Հայաստանի մէջ Ուրբաթ 19 մարտ 2010-ին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսախօսութեան օրեր ծրագիրին, եւ պիտի շարունակուին մինչեւ 10 Ապրիլ։ Ծրագիրը նախաձեռնած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 40-ամեակին առիթով։ Ըստ Հ Հ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան տեղեկատուութեան ՜՜մօտաւորապէս մէկ ամիս շարունակ ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ պիտի կազմակերպուին տասնեակ մը ձեռնարկներ, որոնք պիտի ներկայացնեն Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Քանատայի, Ռումանիոյ, Զուիցերիոյ եւ ֆրանսախօս այլ երկիրներու մշակութային բազմազանութիւնը՝ երաժշտութեան, գրականութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ այլ ասպարէզներու մէջ՝՝։
Միսաք Քելեշեանի Որբերու աղերսը տեսաերիզի ներկայացումը

Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, 19 մարտին տեղի ունեցաւ գերմանական պատմական արխիւներէն յայտնաբերուած ՜՜Որբերու աղերսը՝՝ խորագիրով զգայացունց տեսաերիզի ցուցադրութիւնը։ Տեսաերիզին մէջ ներկայացուած էին հայոց պատմութեան ամէնէն ցաւալի դրուագները պատկերող էջեր, որոնց վերականգնման համար բաւական լուրջ աշխատանք տարած էր Միսաք Քելեշեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ։

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան խօսք առնելով՝ նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր հայ անհատի սրբազան պարտաւորութիւնն է հետապնդել Հայ դատը, եւ ոչ միայն խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելի եւ անժխտելի պահանջատիրութեան արդարացի ու իրաւացի հատուցումին մասին, այլեւ՝ գործնականօրէն ամբողջ էութեամբ իրականացնել հայոց երազը։ Միսաք Քելեշեանի աշխատանքը հաստատեց ան, իւրայատուկ է այն իմաստով, որ ան այդ սրբազան պարտքը անհատապէս իր ձեռքերով պարուրած է համակարգիչի պաստառէն՝ կենդանութիւն տալով դէպի լոյս աշխարհ։ Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզը, որուն ընդմէջէն Քելեշեան փորձած էր վերականգնել պատմութիւնը հին եւ նոր նկարներով։ Տեսաերիզը կանդրադառնայ Ղազիրի որբանոցներուն մէջ հայ որբերուն ձեռամբ պատրաստուած գորգին, որ ներկայիս կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան մէջ եւ իբրեւ նուէր ուղարկուած է նախագահին, ինչպէս նաեւ միջին արեւելեան զանազան քաղաքներու մէջ գտնուող որբանոցներուն մէջ յայտնաբերուած հայ որբերու հաւաքական գերեզմանին, միսիոնարներու տարած աշխատանքին եւ այլն։ Միսաք Քելեշեան տեսաերիզի ցուցադրութեան զուգահեռ տեղեկութիւններ փոխանցեց իւրաքանչիւր նկարի մասին։ Ցուցադրութեան աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն շարունակելու իր աշխատանքը եւ խնդրեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ 10 տողերու մէջ փոխանցէ իր կարծիքը տեսաերիզին կապակցութեամբ՝ այդ կարծիքները ուղարկելով Ազգային առաջնորդարան։

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, նկատել տալով որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը իրենց աշխատասիրութեամբ հիմնեցին գործ, ընտանիք, տուն, եկեղեցի եւ դպրոց՝ աւելցնելով, որ իբրեւ անոնց յաջորդները, պէտք է պահանջատէր ըլլալ հայութեան ազգային իրաւունքներուն։ Սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն լաւապէս սորվելու հայոց պատմութիւնը, հայ գրականութիւնը եւ մշակոյթը, որպէսզի բարձր պահեն հայ ազգին անունը, այլապէս՝ ապարդիւն պիտի ըլլայ մեր նախնիներուն տարած աշխատանքը, որուն նպատակն էր պահել իրենց ինքնութիւնը՝ առանց ուրանալու զայն։

Իր խօսքի աւարտին սրբազանը մեծապէս գնահատեց Միսաք Քելեշեանի կատարած աշխատանքը եւ պրպտումները, ինչպէս նաեւ քաջալերեց, որ շարունակուի այդ աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.