2010-03-24 13:39:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։

Այսօր 24 մարտ, չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ,տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբը։ Սրբազան Հայրը այս չորեքշաբթի եւս շարունակեց իր խորհրդածութիւնը ՝ միջին դարու աստուածաբաններու եւ փիլիոփաներու մասին։ Այսօր Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց յատկապէս փիլիսոփայութեան ուսուցիչ եւ մեծ աստուածաբան Մեծն Սուրբ Ալպերդոսի վրայ։ ՝՝Գիտութեան ու հաւատքի միջեւ չկայ որեւէ ընդդիմութիւն եւ թէ ով որ կ՝ուսանի մեզ շրջապատող բնութիւնը ուսումնասիրող գիտութիւնները կրնայ ընթանալ սրբութեան իսկական ճանապարհէն՝՝ հաստատեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յիշելով Մեծն Սուրբ Ալպերդոսը։ Սուրբ Ալպերդոս մեզի կը յիշեցնէ որ ՝՝գիտութեան ու հաւատքի միջեւ բարեկամութիւն կայ, որովհետեւ ՝՝մեզ շրջապատող աշխարհը,բնութիւնը, Աստուծոյ կողմէ գրի առնուած գիրք մըն է եւ մենք այդ գիրքը կը կարդանք գիտութեան տարբեր մօտեցումներու հիման վրայ ՝՝, աստուածաբանութիւնը եւ գիտութիւնը կը միանան ՝՝ճշմարտութեան հասարակաց փնտռտուքին մէջ, Աստուծոյ Փառքի հասարակաց կամքով՝՝ ։ Սուրբ Ալպերդոս ծագումով գերմանացի իր ուսումները կատարած է իտալիոյ Բատովա քաղաքը,հանճարեղ այս կրօնաւորը հմուտ Սուրբ Գիրքերու մեկնաբանութեան,արժեւորած եւ յառաջ տարած է յոյն փիլիոսփայ Արիսթոտէլի մտածողութիւնը ցոյց տալով ՝՝ մտային բացուածք մը ՝՝ որ իր ժամանակին համար աներեւակայելի էր, ի գործ դնելով ՝՝մշակութային յեղափոխութիւն մը՝՝,բայց միաժամանակ ցոյց տալով թէ ՝՝ այն ինչ որ իսկապէս տրամաբանական է կը պատշաճի՝ Սուրբ Գրքի Յայտնութիւններուն՝՝՝ ։ Մեծն Սուրբ Ալպերդոս կը վախճանի Գերմանիոյ Գոլոյն քաղաքը 1280ին։ Նորին Սրբութիւնը իր այս խորհրդածութիւնը արտասանաեց նաեւ չորս տարբեր լեզուներով,իսկ այլ չորս լեզուներով ալ ողջունեց համապատասխան լեզուներու ուխտաւորները որոնք (ինչպէս ամէն չորեքշաբթի) խումբերով ներկայ կ՝լլան այս ընդհանուր ունկնդրութեան,որ շաբաթը անգամ մը տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.