Ժան Մարի Վիաննէ – Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը
Կը շարունակէ իր
ամէնօրեայ կրօնի դասերը: Վերջին տարիներուն դժուար կը հասկցուէին բառերը, որովհետեւ այլեւս
ձայնը տկարացած էր: Ակռաները թափած էին, որով հնչումը դժուարին էր: Հետեւաբար ամէնքը
կը ջանային մօտենալ իր բերնին, աւելի լաւ լսելու համար:
Երկու նիւթեր միայն միշտ
շրթներուն վրայ էին՝ Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը: Եղբայր Աթանաս կը վկայէ.
-Կը
յիշեմ Կիրակի օրուայ մը յորդորը… գրեթէ բոլոր քարոզի պահուն կրկնեց սա բառերը. ‘Ո՜հ,
հոգի իմ, որքա՜ն երջանիկ ես: Որքա՜ն մեծ ես: Կը սնանիս Աստուծով, կ’ոռոգուիս Աստուծոյ
մը արիւնով’’:
Օր մը, ամբողջ քառորդ ժամ մը չդադրեցաւ լալէ եւ կրկնելէ.
-Ո՜վ
եղբարներ, մենք պիտի տեսնենք, պիտի տեսնենք: Բնաւ կը մտածէ՞ք այս մասին: Մենք Աստուած
պիտի տեսնենք: Զինք պիտի տեսնենք՝ ամենաբարին, զինք պիտի տեսնենք ինչպէս որ է… Երես առ
երես… զինք պիտի տեսնենք… զինք պիտի տենսենք…
Երկնքի մէջ Աստուծոյ սէրը պիտի
լեցնէ եւ ողողէ ամէն ինչ: Սակայն սէրը, ո՜հ, մենք անով պիտի գինովնանք, պիտի խեղդուինք,
պիտի կորսուինք. աստուածային սիրոյ այդ ովկեանոսին մէջ, պիտի ոչնչանանք, հալած Յիսուսի
Սրտի սիրոյն մէջ:
Կեանքի վերջին տարիներու կարծես մարդոց մեղքերը արձակելու իշխանութեան
կողքին Աստուծմէ ընդունած է պարգեւ մխիթարելու, քաջալերելու զանոնք եւ կեանքերնին անուշցնելու:
Այսպէս 1855ին Տէ Կարէ Կոմսն ու Կոմսուհին կը կորսնցնեն իրենց երկու քսան տարեկան զաւակները.
քանի մը ամսուան տարբերութեամբ: Տիկին Կարէ խորտակուած է: Տէր Վիաննէ անոր տեւական նեցուկն
է ու կ’օգնէ ամէ վայրկեան յուսադրելու զանիկա: Շատ մը ուխտաւորներ վկայեցին թէ ծերունի
կրօնականը գիտցած էր զիրենք քաջալերել եւ արիացնել իրենց հոգեկան տագնապներուն մէջ: