2010-03-23 13:38:58

Պենետիկտոս ԺԶ .Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Նամակը՝


Պենետիկտոս ԺԶ .Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Նամակը՝ Իրլանտայի Կաթողիկէներուն։
Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը 20 մարտ թուականը կրող իր հովուական նամակով (ուղղուած իրլանտայի կաթողիկէներուն) իր խոր կսկիծը արտայայտեց եւ ներողութիւն խնդրեց, կաթողիկէ կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ ժամանակին կատարուած մանկապղծութիւններուն համար։ Քահանայապետը յայտարարեց որ Սուրբ Աթոռը հրահանգած է պատասխանատու Եպիսկոպոսներուն ու Մեծաւորներուն հետաքննութեան յանձնել ահաւոր գայթակղութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մէկ անգամ ընդմիշտ դիմագրաւեց այս շատ տխուր եւ անընդունելի երեւոյթը պատահած տասնամեաներ առաջ, որ ի յայտ սկսան գալ վերջին տարիներուն,պաշտօնապէս արտայայտելով իր խիստ կեցուածքը նման շատ ծանր յանցանքի նկատմամբ,միաժամանակ յայտնելով նաեւ իր ցաւն ու ափսոսանքը ոչ միայն Իրլանտայի,այլ նաեւԳերմանիոյ,Աւստրիոյ եւ Հոլլանտայի մէջ բացայայտուած նմանօրինակ յանցանքներու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.