2010-03-23 14:18:23

Լուրեր հայկական կեանքէն


Համազգայինի մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէսի բացում -

Պէյրութ, Լիբանան։

Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2010-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, «Ազդակ»ին ու «Վանայ Ձայն»ին։ Սոյն հանդիսութեան խօսք առաւ ֆրանսերէնով գեր.Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան նշելով որ ՜՜ Մշակոյթը՝ երիտասարդի ու մանուկի մը կեանքին մէջ, խաղաղ ներկայ եւ պատշաճ ապագայ մը ունենալու երազն է՝՝։ Դաստիարակել մշակոյթով կը նշանակէ կազմաւորել յաջորդ սերունդները ճշմարտութեան հետախուզումին համար։ Այսօրուան Լիբանանի մշակութային հարուստ բազմազանութեան մէջ, մեր երեխաները իրաւունքը ունին շնչելու ճշմարտութիւնը։ իր խօսքը ուղղելով նոր սերունդին ըսաւ.՜՜Եւ դուք ով պատանիներ, սիրեցէ՛ք ընթերցանութիւնը, եւ գիրքը թող ըլլայ ձեր հաւատարիմ բարեկամը»։

Ձեռնարկին խօսք առին նաեւ յաջորդաբար՝ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնը՝ Յակոբ Հաւաթեան, Հայկազեան համալսարանի տնօրէնը՝ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան անգլերէնով, Պէյրութի թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի ներկայացուցիչը՝ Հաննա Էմիլ։ Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2010։

Հայազգի բարերար Վարուժ Ներկիզեան պարգեւատրուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յուշամետալով։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կազմակերպած էր բարեսիրական ճաշկերոյթ մը նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Վարուժ Ներկիզեաններու։ Ճաշկերոյթին նպատակն էր վարժարանի աշակերտութեան նիւթապէս օգտակար դառնալ, եւ այս առթիւ հանգանակուած ողջ գումարը կը փոխանցուի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին։

Ճաշկերոյթին ներկայ էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս-պատրիարքը։

Օրուան հանդիսավարը Արամ Գարատաղլեան, ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը՝ փոխանցելու համար իր խօսքը որ մեծապէս ողջունեց բոլոր ներկաները՝ տարեկան այս ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար։ Այնուհետեւ Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ սփիւռքի բաբախուն սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ, որպէսզի հայը ապրի հայօրէն, պէտք է հայ եկեղեցւոյ կողքին անսասան մնայ նաեւ հայ դպրոցը, իսկ 71-ամեայ կեանք ունեցող Մեսրոպեան վարժարանը լիբանանահայ ամէնէն մեծ կրթական համալիրն է, որ ունի աւելի քան 1300 աշակերտ՝ իր զոյգ վարժարաններով։ Գիտէք, որ տարիներու ընթացքին, ըսաւ ան, Մեսրոպեան վարժարանը միշտ եղած է զարգացման ընթացքի մէջ՝ ըլլայ ուսումնական կամ շինարարական մարզերու մէջ։ Յիշեցնելով, որ օրուան հաւաքոյթին նախագահն էր Վարուժ Ներկիզեան, Մեսրոպեանի տնօրէնը՝ ըսաւ, որ ան այն համեստ մարդն է, որ երբեք չի սիրեր յիշատակումներ։ Վարուժ Ներկիզեան միշտ եղած է Մեսրոպեան վարժարանի անկեղծ եւ հաւատարիմ բարեկամը. եւ ստանալէ ետք ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնը, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը որոշած է իր շնորհակալութիւնը յայտնել մեծարգոյ բարերարին իւրայատուկ ոճով՝ շնորհելով անոր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յուշամետալը։ Ասիկա վարժարանին պատմութեան մէջ եզակի դէպք է այս յուշամետալը կը տրուի բացառիկ անձերու։ Վարուժ Ներկիզեան վերջին տարիներուն իր հանգուցեալ հօր յիշատակին հաստատած է անոր անունը կրող՝ Աբրահամ Ներկիզեան հիմնադրամը, իսկ իւրաքանչիւր տարի վարժարանին կողմէն կազմակերպուող տարեկան ճաշկերոյթներուն ան իր եւ իր ազնուափայլ կնոջ անունով կը կատարէ աւանդական դարձած իշխանական օժանդակութիւնը։

Վարժարանի իւրաքանչիւր հայ կարիքաւոր աշակերտի անունով եւ Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի անունով շնորհաւորելով Վարուժ Ներկիզեանը՝ յուշամետալի տուչութեան առիթով, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ խնդրեց, որ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տէրը անձամբ յանձնէ յուշամետալը՝ շեշտելով, որ՝ Դուն իսկապէս արժանի ես այս պարգեւին, որ մեր ամենատաք զգացումներուն առհաւատչեան է։



Միացեալ Նահանգներ-«Նարեկացի» շքանշան Անթոնիա Արսլանին –

UCLA-ի Նարեկացիի անուան Հայագիտական ուսմանց բարեկամներու ընկերակցութիւնը, Մարտ 21ին, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի «Վալտեր եւ Լորել Գարապեան» սրահին մէջ, «Նարեկացի» շքանշանով պատուած է դոկտ. Անթոնիա Արսլանը՝ առ ի գնահատանք այն անձնդիր ջանքերուն, որ ան կատարած է հայ մշակոյթի բնագաւառէն, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մարզերէն ներս։ Անթոնիա Արսլան իտալահայ գրողն ու գիտնականը ծնած է Իտալիոյ Փատուա քաղաքը, 1938ին։ Նախ հնագիտութեան մէջ Մագիստրոսի աստիճանը ստանալով՝ շարունակած է իր ուսումը, դառնալով Փատուայի համալսարանի իտալական արդի գրականութեան դասախօս, որմէ ետք ստանձնած է Հորտհամ համալսարանի յատուկ այցելու դասախօսի պաշտօնը։ Տարիներու ընթացքին ան զանազան սեմինարներ եւ դասախօսութիւններ ղեկավարած է Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու համալսարաններէն ներս: Արգասաբեր եղած է իր մասնագիտական գրիչը։ Հեղինակած ու խմբագրած է քսանէ աւելի գիրքեր՝ ի յաւելումն բազմաթիւ յօդուածներու, գրախօսութիւններու եւ թարգմանութիւններու։ Իր բազմաթիւ գործերէն ամբողջ աշխարհին ծանօթ է ՜՜Արտոյտներու Ագարակը՝՝ որ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու եւ որը ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է իտալացի ֆիլմարտադրիչներ Փաոլօ եւ Վիտտորիօ Թավիանիներու Masseria Delle Allodole ժապաւէնին համար։ ՜՜Արտոյտներու Ագարակը՝՝ առաջինն է եռապատումի մը, անոր յաջորդած է, La Strada di Smirne ՜՜Զմիռնի ճամբան՝՝ որը հայերէնի թարգմանուելու ընթացքին մէջ է եւ այժմ կը սպսուի երրորդը... Աւելցնենք որ Անթոնիա Արսլանի հիմնարար ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են 19-20րդ դարու կին գրողներու գործերուն վրայ , եւ «Գրել Յանուն Հաճոյքի, 19րդ Դարու Իտալացի Կին Գրողներ» ծաղկաքաղ մը, զոր ինք խմբագրած ու հրատարակած է Կապրիէլլա Ռոմանիի հետ, Թորոնթօ հրատարակչութիւն, 2006). առանց մոռնալու՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը»գործին թարգմանութիւնը ու նաեւ այլ բանաստեղծութիւններու թարգմանութեան հաւաքածոն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.