2010-03-23 13:40:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաւէրով 22 մարտին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Սուրիա ժամանեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանի հետ։ Երկու երկիրներու նախագահները ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։ Նախագահները բարձր գնահատեցին երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան գոյութիւն ունեցող մակարդակը։ Բանակցութիւններու աւարտէն ետք Հայաստանի եւ Սուրիոյ ղեկավարները լրատու-միջոցներուն համար հանդէս եկան յայտարարութեամբ, պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն։ Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ ի պատիւ նախագահ Սարգսեանի եւ իր կնոջ, Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահն ու իր կինը ընթրիք մը տուած են, որուն ներկայ եղած են Սուրիոյ փոխ-նախագահները, վարչապետն ու կառավարութեան անդամները։ Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութեան առընթեր ընթրիքին ներկայ եղած են նաեւ Դամասկոսի եւ Հալէպի հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ գործարարներ։ Այսօր կէսօրէ ետք Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ տեղի կունենայ ժողովրդային ընդունելութիւն, որմէ ետք նախագահ Սարգսեանն ու պետական պատուիրակութիւնը կը մեկնին Հալէպ։ Այնտեղ նախագահը կ՝այցելէ Հայաստանի հիւպատոսութիւն եւ հայ յարանուանութեանց երեք հոգեւոր պետերուն հետ կը ժամանէ Կրթասիրաց Մշակութային միութիւն, ապա Սարգիս Չեմպերճեան վարժարան։ Երեկոյեան հայ յարանուանութեանց երեք հոգեւոր պետերուն նախաձեռնութեամբ տեղի կունենայ ընթրիք՝ Արամ Մանուկեան կեդրոնի ՝՝Անի՝՝ ճաշարանին մէջ։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՓՈԽ ՆԱԽԱՐԱՐ ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով՝ Վարդան Մարաշլեան նշանակուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ։
ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱՅԻ ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ։
Պարաք Օպամա իր նախագահութեան ամենէն մեծ յաղթանակը տարաւ,ապահովելով ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան քուէները (նախքան իր նախագահ ընտրութիւնը ) խոստացած առողջապահական ծրագրին։ Օրինագիծսը ընդունուեցաւ 219 քուէներով,այժմ կը մնայ միայն նախագահի այն է Օպամայի ստորագրութիւնը։
ՆԵՊԻՀ ՊԸՐՐԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ։
Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Թուրքիա, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Մեհմեթ Ալի Շահինի հետ։ Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի դրուատեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը՝ Լիբանանի եւ Պաղեստինեան հարցին զօրակցելու իմաստով։ Խորհրդարանի նախագահը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ։ Քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը։
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԷՐՏՈՂԱՆԸ։
Ֆրանսայի ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ Թուրքիոյ մէջ ապօրինի կերպով բնակող հայերը երկրէն արտաքսելու իր սպառնալիքներուն համար։ Ֆրանսական լրատու-միջոցներուն փոխանցումով, Էրտողանի սպառնալիքներուն առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ժան-Քրիսթոֆ Քամպատելի։
Ան ըսած է, որ մենք խստիւ կը քննադատենք Թուրքիոյ վարչապետին յայտարարութիւնը։ Եթէ իրականութիւն դառնայ այդ սպառնալիքը, ծանր հարուած պիտի հասցուի մարդու իրաւունքներուն եւ Եւրոպական Միութեան մարդասիրական արժէքներուն։ Եթէ Թուրքիա Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին իրականացուած յանցագործութիւններուն համար պատասխանատու չէ, ապա բարոյական պարտք ունի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.