2010-03-22 14:43:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Երէկ Եւ Այսօր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Երէկ Եւ Այսօր։

Այսօր երկուշաբթի 22 մարտ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաաջորդաբար ընդունեց Պուրքինա ֆազօ եւ Նիճէրի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի հինգ վիճակաւորները եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Սուր Պետրոսի յաջորդին։ Միշտ այսօր սկիզբ կ՝առնէ Ըսքանտինավիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի վիճակաւորներու ՝՝Առ Սեամս Առաքելոց՝՝ կոչուած հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 27 մարտ։ Իսկ երէկ կիրակի կէսօրին Սրբազան Հայրը կատարեց կիրակնօրեայ Հհրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ներկայ բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Մարեմեան Աղօթքէն առաջ արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը մէջբերաւ Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն Մեղաւոր Կնոջ առակը ,յորում դպիրները ու փարիսեցիները կը փորձէին զինք որպէսզի կարենային ամբաստանել Յիսուսը ,բայց Յիսուս լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ՝ գիտէ թէ ինչ կայ իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ, ան կ՝ուզէ դատապարտել մեղքը, բայց փրկել մեղաւորը եւ դիմակազերծել կեղծաւորութիւնը։ Մինչ ամբաստանողները պնդումով կը հարցաքննեն Յիսուս կը ծռի եւ կը սկսի մատովը գրել հողին վրայ (դիտել կուտայ Սուրբ Օգոստինոս) թէ այդ ժէսթը ցոյց կուտայ Քրիստոսը որպէս աստուածային օրէնսդիր. Ուստի Աստուած իր մատովը գրած էր օրէնքները քարետախտակներու վրայ ,արդարեւ Յիսուս Օրէնսդիրն է եւ ինքնին Արդարութիւնն է։ Եւ ինչ է անոր վճիռը ՝՝ Ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ՝՝ ըսաւ Յիսուս ,խօսքեր որոնք ունին ճշմարտութեան զինաթափ ուժը որ վար կ՝առնէ կեղծաւորութեան պատը եւ կը բանայ միտքերը շատ մեծ արդարութեան մը այն է սիրոյ արդարութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու եւ զբօսաշրջիկներու ամբոխին յիշեցուց որ ռաջիկայ կիրակի օր (Տօն Ծաղկազարդի) 25 տարիէ ի վեր կը յիշատակուի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը, ինչպէս որ ուզած էր երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Սրբազան Քահանայապետը,ուստի հրաւիրեց երիտասարդները բազմաթիւ ներկայ ըլլալու հինգշաբթի օրը ուշ յետ միջօրէին Սուրբ Պետրոս հրապղարակին վրայ իրեն հետ կայանալիք հանդիպումին ի պատրաստութիւն Ծաղկազարի կիրակի օրուայ՝ Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան։







All the contents on this site are copyrighted ©.