2010-03-22 16:19:01

Լուրեր հայկական կեանքէն


՜՜Ձեզ համար կանայք՝՝ ձրի վիրահատութիւն Հայաստանի մէջ, կիներու միամսեակի առիթով։

Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ երկրորդ տարին է, որ Ս .Աստուածամայր անուան բժշկական կեդրոնին մէջ մարտ 8-էն մինչեւ ապրիլ 7 կը յայտարարուի ՜՜Ձեզ համար կանայք՝՝ անվճար վիրահատական օգնութեան միամսեակ։ Այսպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս կեդրոն դիմած հիւանդները, միամսեակի ծիրին մէջ, արդէն սկսած են ձրի բժշկական օգնութիւն եւ վիրաբուժական բաց ծառայութիւններ ստանալու։ Նշենք, որ վիրահատումէն բացի, կեդրոն դիմած հիւանդները նաեւ ձրի բժշկական թելադրանքներ կը ստանան։ Դիմողները ո՛չ միայն մայրաքաղաքէն են, այլեւ՝ հանրապետութեան տարբեր մարզերէն, Արցախէն եւ արտերկրէն։

Երեւանի քաղաքապետը նշած է, որ այս բարեգործական ծրագիրները պիտի իրագործուին ամէն տարի։ Նմանատիպ միջոցառումները յառաջիկային պիտի կազմակերպուին նաեւ քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող այլ բուժական հաստատութիւններու մէջ։ Ս Աստուածամայր բժշկական կեդրոնին մէջ ձրի բուժում ստանալու համար արդէն իսկ հերթագրուած է 77 հիւանդ։

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան նոյն ծրագրի ծիրին մէջ ՜՜ձրի վիրահատութեան՝՝ ենթարկուած է 221 կին։



Հայաստանի բնակչութեան շուրջ 70 տոկոսը գիրք չի կարդար , ըսած է Լեւոն Անանեան։

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի բնակչութեան 70 տոկոսը գիրք չի կարդար (կանոնաւոր ձեւով), իսկ վերջին տասնամեակի ընթացքին գիրքերու, թերթերու եւ ամսաթերթերու տպաքանակը նուազած է տասնեակ անգամ։ Նոր սերունդը բաւարար գիտելիքներ չունենար, որպէսզի կարենայ ապագային պետութիւնը պահել ու զարգացնել,- ըսած է ան,- հնարաւոր է գիրքերու նկատմամբ հետաքրքրութեան զարգացման ազգային ռազմավարութիւն մը մշակել ժողովուրդին մէջ։ Այս նպատակով մօտաւորապէս 150 հայ գրողներ փետրուար 19-ին Գիրքերու նուիրաբերման օրը հանդիպեցան Երեւանի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ եւ 200-ական գիրք նուիրեցին դպրոցներու գրադարաններուն։ Յոյսով եմ, որ այսպիսի ձեռնարկներ ընթերցանութեան հանդէպ դարձեալ հետաքրքրութեան ալիք կը բարձրացնեն նոր սերունդին մէջ, ըսած է Լեւոն Անանեան։

Հայաստանի մէջ Սոֆիա Կուպայտուլինիային նուիրուած օրերը։

Հայաստանի մէջ 6 մարտին սկիզբ առած է աշխարհահռչակ թաթար երգահան Սոֆիա Կուպայտուլինիային նուիրուած օրերը։ Երաժշտական 11-րդ փառատօնի ծիրին մէջ, համերգներուն մասնակցած են՝ նոյնինքն երգահանը՝ Սոֆիա Կուպայտուլինիայի, Տաւիտ Կերինկաս եւ Նիքոլա Ալսթայետ թաւջութակի վրայ, Կէյր Տրաուկսվալ բայանի վրայ, Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Հովեր պետական սենեկային երգչախումբը եւ Սերենատ սենեկային նուագախումբը։

Նշենք, որ Գերմանիա բնակող 79-ամեայ երգահանը իր ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին ստացած է Քաննի փառատօնի, Ճափոնի կայսերական եւ Գերմանիոյ պատուոյ ասպետի եւ քանի մը տասնեակ այլ պարգեւներ եւ մրցանակներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.