2010-03-21 12:34:17

Լուրեր հայկական կեանքէն


Կանաչ աստուածներու վերադարձը՝՝ հատորին շնորհահանդէս Երեւանի մէջ:

Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան քաղաքային գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է բանաստեղծ՝ Վահէ Արսէնի ՜՜Կանաչ աստուածներու վերադարձը՝՝ խորագիրով գիրքին հայերէն եւ հոլանտերէն տարբերակներու շնորհահանդէսը։

Նոյն ժողովածուին, որ յետխորհրդային տարիներու հոլանտերէնի թարգմանուած առաջին հայերէն գիրքն է, շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էր, 2 փետրուարին, Հոլանտայի Մաասլուս քաղաքի Արուեստներու կեդրոնին մէջ։

Նշենք, որ Երեւանի մէջ կայացած շնորհահանդէսին ընթացքին Վահէ Արսէնին նուիրուած է Հոլանտայի երիտասարդ գրողներու ամէնամեայ Jambe 2010 մրցանակը, որ շնորհուած է անոր ՜՜Կանաչ աստուածներու վերադարձը՝՝ բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար։



Գեղանկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի ծննդեան 150-ամեակը Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի նիստերու դահլիճին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ՝ նուիրուած հայ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր, տաղանդաւոր գեղանկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի ծննդեան 150-ամեակին։

Վարդգէս Սուրէնեանց ծնած է 27 փետրուար 1860-ին, Ախալցխա։ Հայ կերպարուեստի պատմութեան մէջ Վարդգէս Սուրէնեանց կը համարուի ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիրը։ Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Լազարեան ճեմարանին մէջ, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Մոսկուայի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ։ Վ Սուրէնեանց մահացած է 6 ապրիլ 1921-ին։ Նշենք, որ անոր կտաւներուն մեծ մասը պահպանուած եւ ցուցադրուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.