2010-03-20 13:02:13

Արամ Ա. կաթողիկոսի նոր գիրքը՝ ՜՜Կեանը արժէքներով իմաստաւորել՝՝ խորագիրով


Արամ Ա. կաթողիկոսի նոր գիրքը՝ ՜՜Կեանը արժէքներով իմաստաւորել՝՝ խորագիրով

Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան մեկենասութեամբ լոյս տեսաւ Արամ Ա կաթողիկոսի ստորագրութիւնը կրող հատոր մը եւս՝ Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել խորագիրով։ Գիրքի յառաջաբանին մէջ վեհափառը կը գրէ բանասիրութեան կամ գեղարուեստական գրականութեան բնագաւառներէն որեւէ մէկուն չի պատկանիր ներկայ հատորը ։ Ընթերցողը այս էջերուն մէջ պիտի հանդիպի հովուապետի հովուական խօսքին, մտահոգութեան ու թելադրութեան՝ երբեմն քաղցր, երբեմն խիստ ոճով արտայայտուած։ 492 էջեր պարփակող հատորը կը բաղկանայ ութ մասերէ՝ հետեւեալ վերնագիրներուն տակ հաւաքուած Դէպի աստուածակեդրոն կեանք, ի խնդիր հոգեւոր արժէքներու կենսագործման, Ծառայութիւն՝ հաւատքի ու սիրոյ ճանապարհ, Պահանջատիրութենէ՝ հատուցում, Կառչինք արժէքներուն, Մարդակերտում՝ ողնասիւնը հայ կեանքին, Հայ կեանքը լուսարձակի տակ, Հայ կեանքը դիմագրաւող մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ։

Պռօշի երազը թատերգութեան բեմադրութիւնը թեհրանի մէջ։

ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան Փարոս թատերախումբը Հայ ուսանողական Չարմահալ միութեան Յ Թումանեան սրահին մէջ, , մարտ ամսոյն մէջ երեք օր ներկայացուցած է Զօրայր Խալափեանի՝ Դպրոցական կատակերգութիւն թատրերգութիւնը՝ ՜՜Պռօշի երազը՝՝ անուան տակ բեմադրութեամբ՝ Հայրիկ Աղանեանի։



Ոչ եւս է Թրքագէտ Երուանդ Սարգսեան - Միացեալ Նահանգներ։

Լոս Անճելըսի մէջ 11 մարտին իր մահկանացուն կնքած է անուանի գիտնական, արեւելագէտ, Հայաստանի ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող եւ թրքագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր ։ Ողբացեալը անցեալ դարու 50-ական թուականներէն մինչեւ դարավերջ գրած եւ հրատարակած է պատմագրական տասնեակ մը գիրքեր, հարիւրաւոր յօդուածներ՝ հիմնականին մէջ լուսաբանելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները, ռուս-թրքական առնչութիւնները, Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերը։ Երուանդ Սարգսեան առաջիններէն եղաւ, որ Խորհրդային Միութեան մէջ արծարծեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.