2010-03-20 13:14:00

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
՝՝ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՄԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐ Է ՝՝ Կ՝ԸՍԷ ԹՈՒՐՔ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ ։
Քրտական ՝՝Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն՝՝ կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Հասիփ Քափլան՝ խօսելով անհրաժեշտութեան պարագային հայերը արտաքսելու հայող Էրտողանի յայտարարութեան մասին յայտնած է, որ ՝՝այդ մօտեցումը Թուրքիոյ դէմ կատարուող մեծագոյն անարդարութիւններէն մէկն է։ 72 միլիոննոց ուժեղ Թուրքիոյ կողմէ նման քայլի դիմելը արտաքին քաղաքականութեան մէջ պիտի յագեցնէ մէկուսացումի եւ Թուրքիոյ դէմ խիստ քննադատութեան։ Ճիշդ մօտեցում չէ, ոչ ալ իրաւական է՝՝ ։ Ապա Պոլիսէն ընտրուած անկախ պատգամաւոր Ուֆուք Ուրաս, որ վերջերս անդամագրուեցաւ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան, որպէսզի վերջինս կարենայ խորհրդարանին մէջ խմբակցութիւն կազմել, յայտարարած է, որ Էրտողանի առաջարկածը 21-րդ դարու բռնի տեղահանման գաղափարի իմաստը ունի։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ հարկ եղած պարագային իր երկիրին մէջ ապօրինի բնակութիւն հաստատած հայերը արտաքսելու մասին յայտարարութեան՝ Էրտողան կը կատարէ հետեւեալ հարցադրումը. ՝՝Եթէ այդ հայերը հեռանան, արդեօք այդպիսով պիտի լուծուի՞ն ցեղասպանութեան հետ կապուած խնդիրները, արդեօք պիտի լուծուի՞ն դարակներուն մէջ յայտնուած խնդիրները՝՝։ Իսկ ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթի լրագրող եւ յօդուածագիր Եըլմազ Օզտիլ՝ անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութեան, կը յայտնէ, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ Թուրքիա վերածուի նացիական Գերմանիոյ։ ՝՝Սի.Էն.Էն. Թիւրք՝՝ ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնները ՝՝զաւեշտ՝՝ նկատելով՝ Օզտիլ ըսած է ՝՝Պէտք չէ թոյլ տալ, որ հարցը հասնի այնտեղ, ուր Թուրքիոյ մէջ կը սկսին ըսել ՝՝Եթէ մեր քաղաքացիները գործազուրկ են, ինչո՞ւ օտարներուն աշխատանք կու տաք՝՝։ Ամէնէն կարեւորը ատիկա է։ Եթէ ըսենք ՝՝հայերը եկան, մեր գործը մեր ձեռքէն առին՝՝ պիտի վերածուինք նացիական Գերմանիոյ՝՝։
Օզտիլ յայտնած է, որ ՝՝ապացուցելու համար, թէ հայերը չենք հետապնդեր, զանոնք կարտաքսենք։ Ապացուցելու համար, թէ տեղահանութիւն չենք ըրած, ժամանակակից տեղահանութիւն կընենք։ Ատիկա ուղղակի զաւեշտ է՝՝ ….. ։ Իսկ յայտնի լրագրող Ճէնկիզ Չանտար գրած է որ ՝՝ վարչապետը պէտք է որ ներողութիւն խնդրէ հայերէն իր արտայայտութեանը համար՝՝ բարկացնելով թուրքիոյ վարչապետը, բայց տեղի տալով միաժամանակ ՝՝Վաթան՝՝ օրաթերթի հեղինակաւոր լրագրող Օքայ Կէօնէնսին-ի շարադրելու սա տողը թէ ՝՝ վարչապետին մէջ տեղահանումի ոգին յարութիւն կ՝առնէ՝՝։
ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՔԼԻՆԹԸՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՝ըսուի, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն նախանցեալ օր քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը։ Հիլըրի Քլինթըն աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած էր Մոսկուա, ուր անոր մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած էր Միջին Արեւելքի տագնապի լուծման քառեակի նիստը։
ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ։
Պուլկարական ՝՝Սոֆիա՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ պահպանողական ՝՝Կարգ, օրէնք եւ արդարութիւն՝՝ կուսակցութիւնը հինգշաբթի, 18 մարտին պուլկարական խորհրդարանին ներկայացուցած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն ընդմէջէն կը պահանջէ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ յայտարարութիւնը առնչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հիգնշաբթի օր Պուլկարիա այցելութեան եւ հարիւր հազար հայեր Թուրքիայէն արտաքսելու Էրտողանի սպառնալիքին հետ։ ՝՝Կարգ, օրէնք եւ արդարութիւն՝՝ կուսակցութիւնը նաեւ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովէն Հայոց Ցեղասպանութեան գծով կառավարութեան կեցուածքին վերաբերեալ պաշտօնական պատասխան մը կը պահանջէ։ Կուսակցութեան ղեկավար Եանէ Եանեւ յայտնած է, թէ իրենց նպատակն է համախոհութիւն գոյացնել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պուլկարիոյ գնահատականին շուրջ եւ Միացեալ Նահանգներու ու Շուէտի նման պատմական ճշմարտութեան առ ի պաշտպանութիւն՝ յստակ յայտարարութիւն մը կատարել։







All the contents on this site are copyrighted ©.