2010-03-19 13:35:40

Տօն Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր


Տօն Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ,Պաշտպան Սուրբը Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ Անուան Տօնը Ռաթզինկէր Քահանայապետին։
Այսօր 19 Մարտ Տօնն է Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր (ըստ լատին եկեղեցւոյ) ,եւ Հայրերու Տօնը՝ Իտալիոյ մէջ, ու միաժամանակ այսօր անուանատօնն է Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին որ Եոզէֆ կը կոչուի աւազանի անունով։ Այս առթիւ մեր որդիական շնորհաւորութիւնները Սրբազան Հօր։ Միւս կողմէ յիշելով Սուրբ Յովսէփը, կը տեսնենք որ ան կը ներկայանայ որպէս հաւատքի մարդ։ Սուրբ Յովսէփ վեհանձն սէր ցոյց տուաւ իր հարսին Սուրբ Կոյս Մարիամին ու մեծ հոգատարութեամբ դաստիարակեց մանուկ Յիսուսը։ Սուրբ Յովսէփ միշտ պատրաստակամ եղաւ կատարելու Աստուծոյ կամքը ուրախութեամբ։ Այսօր ուշ յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սալա Գլեմէնթինա կոչուած սրահին մէջ ներկայ կը գտնուի իրեն ի պատիւ սարքուած նուագահանդէսին։ Այսօր զուգադիպութեամբ Սուրբ Յովսէփի Տօնին Սպանիոյ թեմերուն մէջ կը յիշատակուի ՝՝Դպրեվանքներու Օրը՝՝ հաստատուած 1935ին որ կը միտի քահանայական նոր կոչումներ յարուցանել զգայուն դարձնելով հանրային կարծիքը ու յատկապէս քրիստոնեայ հասարակութիւնը։ ՝՝ Դպրեվանքներու Օրի՝՝ այս տարուայ 2010ի թէման է ՝՝ Քահանան՝Վկայ Աստուծոյ Ողորմութեան՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.