2010-03-19 14:27:27

Լուրեր հայ եկեղեցական կեանքէն

Ոչ եւս է Քոյր Արշակուհի Մալճեան-


Ոչ եւս է Քոյր Արշակուհի Մալճեան:

Կիւմրի, Հայաստան-  Խոր ցաւով իմացանք մահուան լուրը քոյր Արշակուհի Մալճեանին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութենէն, որ պատահեցաւ հինգշաբթի 18 Մարտ 2010-ին, յետ շաքարախտի երկարատեւ հիւանդութեան։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 22 Մարտին, Կիւմրիի մէջ, Հայաստան։

Քոյր Արշակուհի Մալճեան ծնած է Հալէպ, 1934-ին։ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մաս կազմած է 1958-էն սկսեալ։

Ան տարիներ շարունակ Միաբանութեան մէջ վարչական եղած է մինչեւ 1988 թուական։ Հայաստանի երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ մեկնած է հայրենիք, ուր աշխոյժ կերպով գործած է մինչեւ իր մահը։

Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան բոլոր անդամներուն ու քոյր Արշակուհիի հարզատներուն։  

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կեդրոնական յանձնախումբը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիրաքարան Պէյրութ, Լիբանան

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, Երեքշաբթի, 16 Մարտ 2010-ին, ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կեդրոնական յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն գաղութի երեք յարանուանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։

Յանձնախումբը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց, յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք Մեծ Եղեռնի ձեռնարկները։ Հիմնական ձեռնարկ պիտի հանդիսանայ քայլարշաւը, որ կը մեկնի Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Պուրճ Համուտի մարզադաշտը, ուր տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք եւ գեղարուեստական յայտագիր։ Սոյն ձեռնարկին կը նախատեսուի լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններու մասնակցութիւնը։

Հոգեւոր Տէրը իր կարգին թելադրեց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, որ ցեղասպանութեան այս ոգեկոչումը կարեւոր մէկ առիթ հանդիսանայ Հայոց դատը լաւապէս ծանօթացնելու Լիբանանի հանրութեան։ Ան նաեւ շեշտեց թէ երիտասարդութիւնը կարեւոր մէկ տարր է, հետեւաբար այս ուղղութեամբ պէտք է զարգացնել իր մէջ, ազգային գիտակցութիւնը։

Հանդիպման աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց .՜՜Պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր մարտիրոսներուն, շարունակելու համար մեր գոյապայքարը՝՝ եւ յայտնեց որ ՜՜հայը երբեք յուսահատութիւն չի ճանչնար՝՝։



Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը և Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքը ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը։

Ռուսիոյ Պատրիարք՝ Քիրիլ Ա.ի պաշտօնական այցի վերջին օրը, Մարտ 18-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի , Վեհարանի դահլիճին մէջ, հայ առաքելական եւ ռուս ուղղափառ եկեղեցիներու պետերը ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը, ներկայութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, Մայր Աթոռի միաբաններու, Գերագոյն հոգևոր խորհուրդի անդամներու և Մոսկուայի և Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին ուղեկցող պատուիրակութեան։

Գոհութիւն մատուցելէ ետք Աստուծոյ այս հանդիպումին համար որուն ընթացքին նաեւ յարգանքի տուրք մատուցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներուն առջեւ ու նաեւ հաւատքի համար զոհուած ռուս եւ հայ զինուորներուն ի յիշատակ։ Յայտարարութեան մէջ գրուած է. ՜՜Մենք այցելեցինք Երեւանի Ս. Տիրամօր ռուսական եկեղեցին։

Քիրիլ Պատրիարքը եւ Ռուս Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամները ներկայ եղան գոհաբանական աղօթքին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ , որը կառուցուած է Հայաստանի քրիստոնէութեան մեծ դարձի 1700-ամեայ Յոբելեանի առիթով։ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Քիրիլ Պատրիարքին յանձնեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրագոյն պարգեւը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը։ Գարգեգին Բ .ի ներկայութեամբ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը կատարեց Երեւանի մէջ կառուցուող ՜՜Տիրոջ Կենսատու եւ Պատուական Ս. Խաչի Վերացման՝՝ անունով ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը։ Երկու Եկեղեցիներու Հայրապետները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ իրենց օրհնութիւնը բաշխեցին ուսանողութեան, հանդիպման ներկայ մտաւորականութեան եւ Հայաստանի հասարակութեան ներկայացուցիչներուն։ Համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը Քիրիլ Պատրիարքի երկու գիրքերու հայերէն թարգմանութեան։

Երեւանի պետական համալսարանը Քիրիլ Պատրիարքին շնորհեց ՜՜ԵՊՀ-ի պատուոյ տոկտորի՝՝ կոչում։

Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան ՜՜ Եկեղեցիի եւ պետութեան՝՝յարաբերութիւններու զարգացման , Հայաստանի եւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան հովանիին ներքոյ գտնուող երկիրներու մէջ, նաեւ խօսեցան հասարակական կեանքին մէջ երկու Եկեղեցիներու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ հոգեւոր պետերու իրականացուզած միջոցառումներու մասին, ինչպէս նաեւ ԱՊՀի երկիրներու միջեւ համագործակցութեան նոր ծրագիրներուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն մասին։ Փառք կը մատուցենք Աստուծոյ, որ կ՝օգնէ մեզ ամրապնդելու մեր Եկեղեցիներու կապերը եւ եղբայրական յարաբերութիւնները անոնց Հովուապետներու միջեւ։ Գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ մեր երկրներու մէջ կ՝ աւելնան համայնքները, նոր տաճարներ կը բարձրանան, կը վերաբացուին ու կը բարեզարդուին վանքերն ու սրբատեղիները, բարեպաշտօրէն կը պահպանուին եկեղեցական սրբութիւնները, կը զարգանան յարաբերութիւնները ՜՜Եկեղեցւոյ եւ պետութեան ու Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան՝՝ միջեւ, կը բարձրանայ թիւը՝ եկեղեցւոյ կից գործող երիտասարդական, կրթա-մշակութային, խնամատար եւ մարդասիրական կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն ։

Երկու Եկեղեցիներու Պատրիարքական Աթոռներուն կից գործող եկեղեցական ներկայացուցչութիւններու գործունէութիւնը, կ՝ օժանդակէ Եկեղեցիներու միջեւ հաղորդակցութեան զարգացման։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ունի իր ներկայացուցիչը Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքի մօտ, իսկ Երեւանի մէջ նոր ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ կառուցումը պայմաններ կը ստեղծէ, որպէսզի Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը իր ներկայացուցիչն ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մօտ։

Երկու Եկեղեցիները պիտի շարունակեն երկկողմ աստուածաբանական քննարկումներն ու երկխօսութիւնները հովուական եւ աստուածաբանական հարցերու շուրջ, պիտի համագործակցին երիտասարդներու կրթութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան բնագաւառի մէջ իրարու օգնելու՝ երիտասարդ հոգեւորականներու պատրաստութեան գործին մէջ, որպէսզի անոնք կարող ըլլան պատասխաններ տալու ժամանակակից կեանքի երխնդիրներուն։

Երկու եկեղեցիներու համար համագործակցութեան կարեւոր ոլորտ է ՜՜ընկերային գործունէութիւնը բանակի եւ քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ հոգեւոր սպասաւորութիւնը, գործունէութիւնը բարեսիրական եւ հիւանդախնամ հաստատութիւններու ու վերականգնողական կենտրոններու մէջ ։

Համաշխարհայնացման պայմաններու Եկեղեցիներու սպասաւորներուն կոչ կ՝ուղղուի որպէսզի զօրացնեն ջանքերը քրիստոնէական հաւատքի եւ արժէքներու տարածման գործին մէջ։ Ի պատասխան ներկայ աշխարհի մէջ տարածուող կրօնական նոր հոսանքներուն ՜՜անհրաժեշտ է իրականացնել համատեղ միջոցառումներ եւ ծրագրեր՝` կանխարգելու քայքայիչ աղանդներու եւ կեղծ կրօնական կազմակերպութիւններու վնասակար գործունեութիւնը։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ համար կարեւոր են միջքրիստոնէական եւ միջկրօնական յարաբերութիւնները։ Քիրիլ Պատրիարքը իր եւ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Շեյխ Ուլ Իսլամ Ալլահ Շիւքուր Փաշազադեի անունով հրաւիրեց Գարեգին Բ.ը մասնակցելու՝ Պաքուի մէջ 2010 –ի ապրիլ 26-27-ին կայանալիք կրօնական առաջնորդներու գագաթաժողովին։

Յայտարարութեան վերջին մասին մէջ կը կարդանք.՜՜Մենք գոհութիուն կը մատուցենք Աստուծոյ երկու Եկեղեցիներու միջեւ առկայ բարեկամութեան մեծ պարգեւին համար եւ կ՝աղօթենք, որ այս բարեկամութեան պտուղները տեսանելի դառնան Եկեղեցիներու անդամներու կեանքին մէջ եւ վկայեն, բոլորիս հանդէպ, Աստուծոյ ունեցած անսահման սիրոյ մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.