2010-03-19 13:38:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12-13 ապրիլին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի հիւլէական ուժանիւթի հարցերուն նուիրուած վեհաժողովին։ Երբ այցելութիւնը նախապատրաստուի եւ տեղի ունենայ, այն ժամանակ պիտի խօսինք արդիւնքներուն մասին(ըսած է Նալբանդեան) ։ Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նոյնպէս հրաւիրուած է այս վեհաժողովին, սակայն առայժմ Անգարա որեւէ պատասխան չէ տուած հրաւէրը ընդունելու կամ մերժելու առնչութեամբ։ Սոյն ժողովին(առ այժմ) չէ հրաւիրուած Ազէրպէյճանի Նախագահը։
ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ` ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ։
18 մարտ 2010-ին, համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան միջեւ։ Համաձայնագիրը կնքեցին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան։ Ըստ փաստաթուղթին, կողմերը պիտի համագործակցին Ռուսիոյ մէջ ապրող հայերու հայապահպանման խնդիրներու վերաբերեալ միացեալ լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ. «ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՀԻՄՔՆ ԵՆ» ։
Պատասխանելով Մատրիտեան սկզբունքներու նորացուած տարբերակին վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտարարեց, որ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ ընդունած ենք եւ կընդունինք Մատրիտեան սկզբունքները՝ իբրեւ բանակցութիւններու հիմք եւ կը շարունակենք բանակցութիւնները այդ սկզբունքներուն հիման վրայ։ Նախարարը նաեւ մեկնաբանեց Ազրպէյճանի դիրքորոշումը այդ հարցին գծով։ Ըստ Նալբանդեանի, Ազրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր կը մերժէր քննարկել տագնապի լուծման հարցը Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ, սկզբունքներ, որոնք կողմերուն ներկայացուած են նոյեմբեր 2007-ին։ Եւ եթէ հիմա անոնք կ՝ընդունին այդ փաստաթուղթը՝ իբրեւ հիմք բանակցութիւններուն, ապա կարելի է միայն ողջունել այդ մէկը, նշեց Էդուարդ Նալբանդեան՝ աւելցնելով, որ ազրպէյճանական կողմը այդ փաստաթուղթը կընդունի բազմաթիւ վերապահութիւններով։ Ըստ Նալբանդեանի, այդ մասին կը վկայեն վերջին յայտարարութիւնները։ Եւ նոյնիսկ այն, թէ անոնք ինչպէս կ՝ընդունին այս փաստաթուղթը, կը խեղաթիւրէ բանակցութիւններու հոլովոյթի եւ այն քննարկումներուն էութիւնը, որոնք կը տարուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ, եզրափակեց Էդուարդ Նալբանդեան։
Միւս կողմէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ Ռոպերթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ) հաղորդագրութիւն մը տարածած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ 16 մարտին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման վերաբերեալ։ Հաղորդագրութեան մէջ կըսուի, որ Փարիզի մէջ 16 մարտին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները քննարկած են Հայաստանի առաջարկները։
Բանակցութիւնները ընթացած են կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ պիտի շարունակուին համանախագահներուն՝ Երեւան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւններուն ընթացքին(կըսուի Մինսքի խմբակի համանախաահներու հաղորդարութեան մէջ) ։
ԹՈՒՐՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ
Թրքական ՝՝Սամանեոլու՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք երիտասարդներ հաւաքուած են Պոլսոյ Կալաթասարայ-ի հրապարակին վրայ եւ խիստ քննադատութեան ենթարկած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հակահայ երեսփոխանները, մասնաւորաբար Ճանան Արըթմանը։ Երիտասարդներուն մօտ կը գտնուէր 1900-ական թուականներու լուսանկար մը, ուր Թալէաթի գլուխին փոխարէն տեղադրուած է Էրտողանի գլուխը, իսկ կողքին՝ հակահայ երեսփոխան Ճանան Արըթմանը։
Երիտասարդներուն անունով խօսք առած է Ճերեն Քենար եւ հեգնած է Էրտողանը՝ ըսելով ՝՝Այն ժամանակներուն չեն հարցուցած, թէ 2010-ին յանձնախումբի մը կողմէ ընդունուած որոշումին, նման ձեւով արձագանգած պետութիւնը 1915-ին ի՛նչ կընէր։ 95 տարի պետական նոյն հակազդեցութիւնն է։ Թալէաթ փաշայէն մինչեւ Էրտողան փաշա քանի՞ վարչապետ անցած է։ Վարչապետին յայտարարութիւնները միջազգային իրաւունքին եւ խղճին կը հակասեն։ Թալէաթ ու Էնվեր փաշաներու դատապաշտպաննե՞րը դարձած ենք։ Մենք չենք ուզեր Թալէաթի, Էնվերի եւ միւսներուն անունով արեւելեան նահանգներուն մէջ հայերը կոտորողներու թոռները ըլլալ, այլ կուզենք ըլլալ այն մարդոց թոռները, որոնք հայերը պահած են իրենց տուներուն մէջ եւ զանոնք պաշտպանած կոտորածներէն (նշած է Քենար) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.