2010-03-18 14:05:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Այսօր հինգշաբթի 18 մարտ, Պենետիկտոս ժԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ նախ ընդունեց Նիճերիայի մօտ Առաքելական Դեսպանը Գերապայծառ Ակուսթին Գասուժժան։ Ապա ընդունեց յաջորդաբար Պուրքինա ֆազօ-Նիճերի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի առաջնորդ եպիսկոպոսները, եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ կէսօրին Վատիկանի Սալա Քլէմէնդինա Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի գործարանատէրերու Միութեան անդամներուն,ընդամէնը երկուհարիւր հոգի։ Այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները յիշեցնելով որ ունկնդրութեան եկած են Սուրբ Յովսէփի տօնի նախորեակին, Սուրբ Յովսէփ որ օրինակ մըն է բոլոր անոնց համար՝ որոնք կը գործեն աշխատանքի աշխարհէն ներս։ Հոս յիշեցնենք որ վաղը Վատիկանի մէջ Տօնական Օր է,ըլլալով Սուրբ Յովսէփի Տօնը։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ մէջբերաւ նաեւ իր ընկերային շրջաբերականը Caritas in Veritate այսինքն Սիրոյ Ճշմարտութիւնը յորում նկատի առի որ(ըսաւ Սրբազան Հայրը) կուգանք բարգաւաճումի փուլէ մը ուր առանձնաշնորհեալ տեղ կը գրաւէ այն ինչ որ նիւթական է եւ արուեստագիտական,բաղդատմամբ այն ինչ որ բարոյական է եւ հոգեւոր,ուստի քաջալերեցի որպէսզի տնտեսութեան ու ֆինանսի կեդրոնը դրուի անձը՝որ Քրիստոս կը յայտնաբերէ իր ամենավեհ արժանապատուութեամբ ։ Յիշենք նաեւ որ այսօր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Կիւրեղը, որ իր եղբօրը Սուրբ Մեդոտիոսի հետ միասին թարգմանեց Սուրբ Գիրքը սլավ լեզուի եւ սկսան նոյն լեզուով կատարել ծիսակատարութիւնը։ Անոնք ծագումով Թեսաղոնիկեցի էին։







All the contents on this site are copyrighted ©.