2010-03-18 14:07:50

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը «Մոսկուա» կինոթատրոնի ամառային դահլիճի տեղը Սբ.Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ կառուցման գաղափարին։

Հայաստանի կառավարութիւնը կը յարգէ «Մոսկուա» կինոթատրոնի սեփականատիրոջ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարծիքը, ըստ որուն ՜՜ամառային կինոթատրոնի տեղը պէտք է սբ. Պօղոս Պետրոս եկեղեցի կառուցուի՝՝: Այսպէս յայտարարած է Հ Հ վարչապետը՝ Տիգրան Սարգսեան: Ան ըսած է թէ ուսումնասիրելէ ետք «Մոսկուա» կինոթատրոնի հարցը Հայաստանի կառավարութիւնը հասած է այն եզրակացութեան որ անիկա պատմամշակութային արժէք մը չէ հետեւաբար պէտք չէ մտնէ պետութեան կողմէ հսկուող՝ ճարտարապետական յուշարձաններու ցանկին մէջ: Վարչապետ Սարգսեան նաեւ ընդգծած է որ կառավարութեան որոշումը վերջնական է եւ փոփոխումի ենթակա յ չէ: Նշենք, որ եկեղեցւոյ կառուցումը հանրային մեծ արձագանք գտած է Հայաստանի մէջ, քանի որ Երեւանի շատ բնակիչներ կը կարծեն, որ ամառային կինոդահլիճը յուշարձան է եւ ասոր համար է որ դէմ էին անոր տեղ եկեղեցի կառուցման գաղափարին։



Պըրթ-ռայթ Արմինիա հաստատութեան ծրագիրը ՜՜ԱՐՄԻՆԻԱ՝՝ն ՝ Պայքար մըն է ձուլման դէմ։

Պըրթ-ռայթ Արմինիա հաստատութիւնը 2004 թուականէն ի վեր հայրենադարձութեան եւ սփիւռքահայութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացնելու աշխատանքին նուիրուած աւելի քան 425 կամաւորներ ղրկած է Հայաստան՝ հոն զանազան մարզերու մէջ աշխատելու, իրենց ներդրումը բերելու եւ հայրենիքի հարազատ հողին հետ իրենց կապերը աւելի սերտացնելու նպատակով։ Ոմանց համար, մանաւանդ՝ խառն ամուսնութենէ ծնած հայերուն համար, Պըրթ-ռայթ Արմինիա-ին ընծայած փորձառութիւնը հայրենասիրութիւնը աւելի արմատաւորած է անոնց հոգիներուն մէջ, ինչպէս կը վկայէ խառն ամուսնութեան զաւակ պելկիացի Անուշ Աճեմեան։

Համաշխարհայնացման վտանգին դէմ պայքարելու միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ Պըրթ-ռայթը, որուն գործունէութիւնը առիթ կընծայէ նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող երիտասարդութիւնը իրարու քով բերելու, ծանօթացնելու եւ, ինչո՛ւ չէ, դառնալու այն դաշտը, ուր հայ ամուրիներ կարենան հայկական առողջ բոյն կազմել։ Փաստօրէն իր առաքելութեան առաջին 5 տարիներու ընթացքին 12 կամաւորներ արդէն յաղթահարած են այդ ձուլման վտանգը։ Պըրթ-ռայթ Արմինիան հայկականութիւն հասկացողութեան նոր թափ մը տուաւ։ Դէպի հայրենիք ուղղած իմ հայեացքս բոլորովին նոր իմաստ ստացաւ այս փորձառութեանս շնորհիւ, ըսաւ Նայիրի Աբրահամեանհարց տալով .՜՜Արդեօք հայ ժողովուրդը պիտի կարենա՞յ իր դէմ մղուած ջարդերը ամբողջովին յաղթահարել՝՝ թերեւս բայց յստակ է, որ Պըրթ-ռայթի նման ծրագիրներ միջոց կը հանդիսանան այդ վտանգին դէմ պայքարելու՝՝ հաստատեց Անուշ Աճեմեան։



ֆրանսահայ նկարիչ Ժանսեմ պարգեւատրուած է պատուոյ շքանշանով։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ իր ունեցած նշանակալի աւանդին համար, ինչպէս նաեւ ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանին առիթով ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Յովհաննէս Սեմերճեան ծանօթ Ժանսեմ անունով պարգեւատրուած է պատուոյ շքանշանով։

Հայազգի արուեստագէտը Ժանսեմ՝ (Յովհաննէս Սեմերճեան) ծնած է 1920-ին, Թուրքիոյ Սելեզ քաղաքը (Արեւմտահայաստան)։ Մանկութիւնը ապրած է Յունաստանի Սալոնիկ քաղաքը, այնուհետեւ հաստատուած է Ֆրանսա։ Փարիզի զարդարուեստի բարձրագոյն դպրոցի շրջանաւարտ Ժանսեմ 1944-ին սկսած է ցուցահանդէսներով հանդէս գալ Անկախներու սալոնին մէջ, իսկ 1950-ականներուն արդէն արժանացած է շարք մը մրցանակներու՝ Մեքսիքայի, Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ։ Ժանսեմ այն բացառիկ գեղանկարիչներէն է, որուն կենդանութեան օրերուն բացումը կատարուած է իր անուան երկու թանգարանի՝ երկուքն ալ Ճափոնի մէջ։ Յիշեցնենք, որ Ժանսեմի ստեղծագործութիւնները կը պահուին աշխարհի անուանի թանգարաններու եւ անձնական հաւաքածուներու մէջ։ Ժանսեմ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1973-ին, իսկ 2001-ին իր Եղեռն շարքի 34 աշխատանքները նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.