2010-03-18 14:13:54

Ակնարկ Մը Ազգային եւ Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային եւ Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՝ԸՆԴՈՒՆԻ ՌՈՒՍԻՈՅ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՒ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ։ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Կ՝ԱՂՕԹԷ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ողջունելով Քիրիլ Ա.Պատրիարքին այցելութիւնը Հայաստան,նախագահ Սարգսեան ըսած է ՝՝Ռուսիա մեր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ վստահելի գործընկերը։ Մեր յարաբերութիւնները համապատասխանաբար կը զարգանան բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութիւնը կը շարունակուի, կանոնաւորապէս կը քննարկենք հարցերը, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններուն, այլեւ՝ շրջանային խնդիրներուն՝՝։Սերժ Սարգսեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հիմնաքարերէն նկատած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները եւ հոգեւոր ամուր կապը։
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարք, երկու եկեղեցիներու հոգեւոր դասերուն ուղեկցութեամբ, այցելած են Ցեղասպանութեան Զոհերու Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու համար բիւրաւոր հայ նահատակներու անմահ յիշատակին։ Երկու հոգեւոր պետերը Յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակներ զետեղած են, ապա անմար կրակին մօտ, Վեհափառին նախագահութեամբ, կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Որմէ ետք Քիրիլ Ա. Պատրիարքը աղօթած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար։
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ։
Երէկ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքները Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը արտաքսելու մասին մեր յիշողութիւններուն մէջ կը վերականգնէ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնները։ Ըստ Տիգրան Սարգսեանի, նմանօրինակ յայտարարութիւնները աւելի կարդիականացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, ինչպէս միջազգային հանրութեան, այնպէս ալ Թուրքիոյ կողմէ։ Սարգսեանի կարծիքով, Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ հնչող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր հայ - թրքական հաշտեցման։ Իսկ եթէ կան անօրինական գաղթի խնդիրներ, ապա անոնք(ըստ վարչապետ Սարգսեանի)պէտք է լուծուին դիւանագիտական միջոցներով, իսկ ատոր համար ալ պէտք է կարգաւորուին երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները։ Տիգրան Սարգսեանի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ հայ գաղթականներու թուաքանակը, Հայաստանի կառավարութեան տուեալներով, քանի մը անգամ քիչ է Էրտողանի նշած թիւէն։Արդարեւ Էրտողան 100հազար ըսած էր,բայց ըստ մեր (ռատիօ վատիկան) տուեալներուն եւ թրքական զանգուածային մամուլի տուեալներուն( հարիւրէն 97ը տիկիններէ բաղկացած) հայաստանցի գաղթականներու թիւը՝ 10-էն 15 հազարի միջեւ է։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ Կ՝ՈՐԱԿԷ ՆՄԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ԹԵՐԹԵՐՈՒ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը (երկրի մէջ ապօրինի բնակող հայերու արտաքսման վերաբերեալ) քննարկման լուրջ թեմայ դարձած էնաեւ Թուրքիոյ մէջ ։ Այս մասին Սլովաքիոյ արտգործ-նախարար Միրոսլավ Լայչեկի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին նշեց ՀՀ ԱԳՆ Էդուարդ Նալբանդեանը։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵԼ ԿԸՍԷ ՖԻԼԻԲ ԿՈՐՏԸՆ ։
Չնայած Պարաք Օպամայի վարչակազմի դիրքորոշման՝ ԱՄՆ Գոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Պալատի կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը կարելի չէ արգելափաել ։ Այս մասին(ինչպէս որ կը յայտնէ Associated Press-ը) յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական Ֆիլիբ Կորտընը։
Ան հերքած է է բոլոր այն խօսակցութիւնները որ ԱՄՆ Գոնկրեսի մէջ բանաձեւի յետագա ընթացքը պէտք է կասեցուի։ «Գոնկրեսը անկախ մարմին է եւ կ՝ընէ այն, ինչ որ որոշած է ընել»,- յայտարարած է Կորտըն ։
ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍԿԻ ԽՈՒՄԲԸ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
ԵԱՀԿ-ի Միսնկի խումբի հետ Էդուարդ Նալբանդեանի բանակցութիւնները անցած են կառուցողական մթնոլորտի մէջ, որոնք կը շարունակուին համանախագահներու Երեւան եւ Լեռնային Ղարաբաղ նախատեսուած այցելութիւններու ժամանակ: Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի մարտ17-ին տարածած յայտարարութեան մէջ: Ըստ այդ յայտարարութեան, բանակցութիւններու ժամանակ քննարկուած են համանախագահներու կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներու վերջին ձեւակերպումներու վերաբերեալ հայկական կողմի մեկնաբանութիւնները։
Յիշեցնենք, որ մարտ 16-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը աշխատանքային այցով Փարիզ կը գտնուէր ուր հանդիպած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի հանամախագահներ Յուրի Մերզլիակովի, Պեռնար Ֆասիէի, Ռոպերտ Պրադկէի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրճքի հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.