2010-03-17 14:24:30

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը արդէն Հայաստան կը գտնուի:

Ընդառաջելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին հրաւէրին, Հայաստան ժամանեց Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը։ Զուարթնոց օդակայանին մէջ Ռուսիոյ պատրիարքը դիմաւորուեցաւ Վեհափառին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան կողմէ։ Հիւր պատրիարքը դիմաւորողներուն շարքին էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Թիւրքմենիստանի եւ Ղազախստանի դեսպանները։

Պատրիարքի ժամանումէն ետք Ս Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Հրաշափառի եւ Բարի գալուստի արարողութիւն, որմէ ետք համաձայնագիր մը կնքուեցաւ Էջմիածին եւ Սերկիեւ Փոսատ քաղաքներուն միջեւ՝ իբրեւ քոյր քաղաքներ, երկու հոգեւոր պետերուն հովանաւորութեամբ։ Այնուհետեւ Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Էջմիածինէն մեկնեցաւ Օշական՝ ծաղկեպսակ զետեղելու 1828 թուականի ռուս-պարսկական պատերազմին ընթացքին զոհուած ռուս զինուորներու յուշակոթողին։



Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը հիւրընկալեց «Ճինիշեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնը- Պէյրութ, Լիբանան

Երեքշաբթի, 16 Մարտ 2010-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, «Ճինիշեան» մարդասիրական հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն՝ Սառա Թոտը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի «Ճինիշեան» հիմնարկի տնօրէն՝ Սեդա Փամպուքեանի։




 

«Ճինիշեան» մարդասիրական հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեց մտահոգութիւնները եւ դժուարութիւնները, որ ներկայիս կը դիմագրաւեն համաշխարհային տնտեսական տագնապին պատճառաւ։ Հիմնարկի պատասխանատուները հետեւաբար յայտնեցին թէ յաջորդ ժամանակաշրջանին աւելի սեղմ վարքագիծ պիտի որդեգրուի ընդհանուր գործունէութեան պարագային։

Հոգեւոր Տէրը իր կողմէն ողջունեց եւ գնահատեց «Ճինիշեան» մարդասիրական հիմնարկի կատարած բեղուն աշխատանքը, որ կը մեկնի մասնաւորապէս քրիստոնէական արժէքներէ։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց թէ այս հիմնադրամը շարունակէ իր առաջնահերթ օժանդակութիւնը Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն։   

Նշենք որ Ճինիշեան՚ Մարդասիրական Հիմնարկի Ընդհ. Տնօրէնը եւ Լիբանանի մէջ ՙՃինիշեան՚ Հիմնարկի տնօրէնուհին հանդիպում ունեցած են նաեւ Մարտ 15ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Վեհափառը առաջին հերթին իր գնահատանքը յայտնած է ՙՃինիշեան՚ի կատարած աշխատանքներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ իր դժգոհութիւնը յայտնած է տնօրէնուհիին վերջին տարիներուն ՙՃինիշեան՚ի Միջին Արեւելքի գաղութներուն տրամադրուած յատկացումներուն նուազումին համար եւ կարեւորութեամբ շեշտած է թէ ՜՜Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն օժանդակութիւնը պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն, նախ հաւատարմօրէն գործադրելու բարերար Ճինիշեանի կտակը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական վկայութիւնը ամուր պահելու իմաստով:   

 

Վեհափառը ուզեց որ իր դժգոհութիւնները ու մտահոգութիւնները փոխանցուին յանձնախումբի ամերիկացի թէ հայ անդամներուն:  Յայտնենք, որ ՙՃինիշեան՚ը էքիւմենիք ոգիով, առանց խտրութեան բոլոր կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն կ’օժանդակէ, եւ սքանչելի դեր կը կատարէ այս իմաստով Միջին Արեւելեան երկիրներէն ներս:



Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Լեհաստանի վարչապետը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունելով Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Ֆրանցիշեք Դուսքը կարեւորած է երկու երկիրներու միջև շփումները տարբեր մակարդակներու վրայ, որոնք կ՝ընդլայնուին և նորանոր ոլորտներ կ՝ընդգրկեն։ Վեհափառը անդրադարձած է երկու ժողովուրդներու միջև եղած պատմական առնչութիւններուն, ապա իր գնահատանքը յայտնած է Լեհաստանի իշխանություններուն հայ համայնքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար։

Հայոց Հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ նշած է , որ Լեհաստանի իշխանութիւններու աջակցութեամբ Լեհաստանի հայ համայնքը յառաջիկային կ՝ունենայ իր հոգևոր հովիւը, որ պիտի կազմակերպէ համայնքի հոգևոր կեանքը։

Իր կարգին Լեհաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար, ապա անդրադարձած՝ հայ-լեհական յարաբերութիւններուն նաեւ մեծապէս կարևորած է հաւատքի դերը և Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ժողովուրդի կեանքին մէջ` անդրադառնալով Լեհաստանի ժողովուրդի հոգևոր կեանքին։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Հայ Առաքելական և Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջև առկայ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաև երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին Հայաստան կատարած այցին։

Երիտասարդ իրաւաբաններու մտաւոր ներուժը պէտք է օգտագործուի իրաւական պետութիւն կառուցելու գործընթացքին մէջ։

Հ Հ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է իրաւական մասնագիտութիւններու Ֆրանս-հայկական դաշնակցութեան հիմնադիր, Փարիզի փաստաբաններու պալատի անդամ Փաթրիք Արապեանը։ Հանդիպումին ընթացքին անոնք խօսած փն իրաւաբաններու համահայկական ընկերակցութեան ստեղծման ներկայ փուլին մասին։ Հ Յակոբեան համառօտ ձեւով ներկայացուցած է Իրաւաբաններու համահայկական ընկերակցութեան խորհուրդին Հայաստանի անդամներուն փետրուարեան հանդիպումի ընթացքին նախնական համաձայնութեան արժանացած ծրագիրը մասնաւորապէս շեշտը դնելով յանձնախումբին աշխատանքներուն սփիւռքի եւ Հայաստանի իրաւաբաններու գործօն մասնակցութեան վրայ, հոն պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին խաղաղ կարգաւորման, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան, միջազգային կառոյցներու վերլուծման եւ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը միջազգային չափանիշներուն համապատասխան դարձնելու խնդիրը։

Անդրադառնալով իրաւական պետութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութեան նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատած է արտերկրի մէջ կրթութիւն ստացած իրաւաբաններու ներուժին օգտագործումը՝ օրէնսդրութեան կատարելագործման եւ հասարակութեան վերադաստիարակման գործին մէջ։ Իր կարգին, Արապեան պատրաստակամութիւն յայտնած է հանդէս գալու նոր առաջարկներով, նաեւ կաշկանդուած չըլլալու՝ քաղաքական եւ այլ կապանքներով։ Հանդիպումի աւարտին Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքները եւ նուիրած է նախարարութեան հրատարակած գիրքեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.