2010-03-17 14:24:53

Էջ մը հայ գրականութենէն


Խրիմեան Մկրտիչ (Հայրիկ). Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վերականգնման անզուգական Հայրիկ

 

Հայ ժողովուրդի մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ, առանձնայատուկ ճառագայթումով, հազարամեակներու մեր ուղին կը լուսաւորէ աստղը Խրիմեան Հայրիկի, որ իր 87ամեայ կեանքի ժամանակաշրջանով, Ազգին ու Հայրենիքին նուիրուած գործքով եւ հայոց ազգային ու տոհմիկ արժէքները անմահացնող գրականութեամբ՝ ամբողջապէս նոյնացաւ Հայաստանի եւ հայութեան 19րդ դարու ազգային զարթօնքին ու ազատագրական պայքարին հետ։

Հայոց անզուգական Հայրիկը ծնած էր, հին տոմարով, 4 Ապրիլ 1820ին՝ Վան։

Մանուկ տարիքէն հօրմէ որբացած էր եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան, որուն խրախուսանքով եւ օժանդակութեամբ կրցաւ ուսանիլ։ 1847ին, արդէն ամուսնացած, անցաւ Կ. Պոլիս՝ հոնկէ Եւրոպա երթալու եւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց նիւթական դժուարութիւնները պատճառ եղան, որ ան մնայ Պոլիս եւ հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչ դառնայ Խասգիւղի Հայոց Աղջկանց Վարժարանին մէջ։ Պոլիս իր կեցութեան վեց տարիները, ուսուցչութեան կողքին, Խրիմեան նուիրեց գաւառներէն եկած երիտասարդ պանդուխտներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին։

1862ին ընտրուեցաւ Տարօնի առաջնորդ եւ հաստատուեցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը։Լոյս ընծայեց Արծուիկ Տարօնոյ թերթը։

1868ին ՝ Եպիսկոպոսի աստիճան շնորհուեց արդէն մեր ժողովուրդին կողմէ Հայրիկ անուանումին արժանացած մեծ հոգեւորականին։

Անսահման եղաւ Խրիմեան Հայրիկի վայելած ժողովրդականութիւնը ողջ հայութեան մօտ։ Եւ երբ 1869ին ժողովրդային բուռն ու միահամուռ պահանջով Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ Պատրիարք։ Այնքա՜ն մեծ էին Հայրիկին կապուած յոյսերը, որ Պետրոս Դուրեան, այդ ատեն տակաւին պատանի, բանաստեղծութիւն նուիրեց Հայրիկի ընտրութեան՝ գրելով. Ո՞վ է որ կու գայ. թագաւո՞ր մը. ո՛չ. սեւ սքեմ մը ուսին՝ հայոց հայրիկն է որ կու գայ...

Բայց միայն երեք տարի Խրիմեան Հայրիկ դիմացաւ պատրիարքական պաշտօնավարութեան։ Պոլսոյ պահպանողական խաւին ու քաղքենի ղեկավարութեան ուղղուած իր սուր քննադատութիւնները, գումարուելով գաւառի հայութեան բարեկարգումին եւ զարգացումին ի սպաս ուժերը եւ միջոցները կեդրոնացնելու իր հետեւողական ճիգին վրայ, պատճառ դարձան պատրիարքական պաշտօնէն իր հրաժարումին։ Հայրիկ դարձեալ վերադարձաւ Վան, ուր նորովի թափով շարունակեց կրթական եւ գրական իր գործունէութիւնը։

Այդ շրջանին էր, 1878ին, որ երբ Պերլինի Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը ղրկելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ պատուիրակութեան նախագահ եւ Պերլինի մէջ արժանաւորապէս ներկայացուց հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջները։ Պերլինեան առաքելութեան ապարդիւն վախճանը ծանօթ պատմութիւն է։ Պերլինի Վեհաժողովէն իր վերադարձին Հայրիկ արտասանեց Թուղթէ Շերեփի իր անմահ քարոզը՝ հայ ժողովուրդին պատգամելով, որ առանց երկաթէ շեշեփի՝ զինեալ պայքարի, կարելի չէ տիրանալ Հայկական Արդարութեան։

Հայոց ազգային ազատագրական պայքարին հոգեւորական ռահվիրայի քարոզներն ու գործնական աշխատանքները աննկատ չանցան Համիտեան բռնակալութեան կողմէ եւ Սուլթանի հրամանով Խրիմեան Հայրիկ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ 1891ին։ Բայց հազիւ տարի մը ետք, Խրիմեան Հայրիկ հայ ժողովուրդի միահամուռ պահանջով ընտրուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի գահակալ։ Քաջ Հովիւի պատմական ժառանգութիւն մը կտակեց Խրիմեան Հայրիկ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր կաթողիկոսութեան զուգադիպեցաւ նաեւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903ի ցարական տխրահռչակ հրամանագիրը։

Մինչեւ իր վերջին շունչը Խրիմեան Հայրիկ յաղթահասակ կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդի իր բարձրութեան վրայ։

Նոր տոմարով 10 Նոյեմբեր 1907ին վախճանեցաւ Խրիմեան Հայրիկ՝ հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ անզուգական իր բարձունքը նուաճած։ Հայրիկի աճիւնները իրենց մնայուն դամբարանը ունեցան Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարի մուտքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.