2010-03-17 13:27:56

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

՝՝ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՔՈՂ ԵՆ՝՝ ԿԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ։
Այսօր Թուրքիոյ կողմէ հնչող անհիմն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան, Շուէտի խորհրդարանին մէջ, կամ այլուր քննարկուող եւ ընդունուող Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը կրնան իբրեւ թէ վնաս հասցնել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, պարզապէս քող են(նախանցեալ օր Պերլինի մէջ այսպէս յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան)։Գերմանիոյ Արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդին մէջ ծաւալուն ելոյթ ունենալով (Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին) Նալբանդեան ըսած է նաեւ, թէ իրականութեան մէջ Թուրքիա ջանք չի խնայեր նախապայմաններ առաջադրելու, կարգաւորման ճամբուն վրայ դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ ստեղծելու համար, այդպիսով ալ հարցականի տակ առնելով ողջամիտ ժամկէտներ հասկացողութեան նոյնիսկ իմաստը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ Էդուարդ Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիա գիտակցի իր այժմու գործելաոճի հետեւանքներու պատասխանատուութեան ծանրութեան եւ յուսախաբ չընէ միջազգային հանրութիւնը։ Նոյն օրը Գերմանոյ փոխ-վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Կիտօ Վեսթերվելէի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին առնչութեամբ նշած է, որ եթէ Թուրքիա իրականութեան մէջ կը փափաքի այս հոլովոյթի շարունակութիւնը եւ յաջողութիւնը, ապա պէտք է զերծ մնայ նախապայմաններու լեզուով խօսելէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ՝ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ։
Երէկ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Եոհին Շմիթ եւ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան Երեւանի մէջ համաձայնագիր մը ստորագրած են Գերմանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 2009-2010 թուականներուն ելեւմտական համաործակցութեան մասին։ Ըստ համաձայնագիրին, Գերմանիա կը պարտաւորուի Հայաստանին յատկացնել մինչեւ 105,5 միլիոն Էուրօ։ Բացի անկէ, մօտ 12 միլիոն էուրօ պիտի տրամադրուի շրջանային ծրագիրներու իրականացման՝ Կովկասեան նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։ Ելեւմտական համագործակցութեան սկիզբէն(995 թուականէն մինչեւ այսօր)Գերմանիա Հայաստանին տրամադրած է մօտ 220 միլիոն էուրօ՝ վարկերու եւ դրամաշնորհներու տեսքով։

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԿԸ ԳԵՐԻՇԽԵՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ
ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ՔԱՓԻՆՈՍ։
Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի ղեկավար Սերկէյ Քափինոս քիչ հաւանական նկատեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկուի։ ՝՝Իրականութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորը ներկայ ձեւաչափին փոփոխութիւնն է։ Անոնք բանակցային հոլովոյթին մէջ անկանխատեսելի շրջադարձեր են՝՝ ըսաւ ան։ Քափինոս լրագրողներուն յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի ներկայ ձեւաչափը բաւական հաւասարակշռուած եւ յարմարագոյնը կը թուի։Իսկ խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մասին՝ Քափինոս յայտնեց, թէ 3-4 ամիս առաջ կարելի էր ըսել, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հաւանականութիւնը 50-50 էր, իսկ հիմա այդ կարգաւորումը դժուարին ժամանակներ կապրի։

ՔԵԹՐԻՆ ԱՇԹԸՆ ՊԷՅՐՈՒԹ-Ի ՄԷՋ ։
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց եւ միացեալ ապահովութեան պետ Քեթրին Աշթըն երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամիի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաթրիք Լորանի կողմէ։ Քեթրին Աշթըն տեսակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյմանի հետ։ Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.