Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Նոր կանոն կեանքի (1853-1859)
Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Նոր կանոն կեանքի (1853-1859)
Գաթերին
եւ իր բարեկամները կ’աշխատին քիչ մը թեթեւցնել իրենց վարդապետի կենսականոնը: Սնունդը
քիչ մը կ’աւելցնեն, առտու եւ իրիկուն քիչ մը աւելի կը քնանայ, բարեկամները կը հսկեն եւ
յաճախ կը զսպեն ուխտաւորներու պնդումները:
Ձմեռը ձեռքերը կ’ուռին: Զինք կը համոզեն
ոը Աւանդատունը կրակարան մը դրուի, ըսելով թէ աւելի ուխտաւորներու համար է, թէեւ չի խաբուիր,
բայց կը ձգէ որ ուզածնին ընեն:
Ամառը սոսկալի տաք մը կ’ընէ այդ փոքրիկ եկեղեցիին
մէջ, ուր ուխտաւորներու բազմութիւնը, վառուած մոմերու ծուխը խեղդուկ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:
Ապաշխարողները գէթ վայրկեան մը դուրս կ’ելլեն մաքուր օդ շնչելու, մինչ ինքը չի կրնար
այս սփոփանքը վայելել: Արդէն եթէ դուրս ալ ելլէ, ուխտաւորները կը պաշարեն զինքը եւ կը
նեղեն հարցումներով եւ յաճախ զգեստէն մասնիկ մը կտրելով:
Միշտ համբերող է եւ այս
կը սքանչացնէ բոլոր զինք ճանչցողները:
Տէր Գամլէ՝ առաքեալներու մեծաւորը կ’ըսէ.
-Այս
մարզին մէջ իր արժանիքը մեծ է, որովհետեւ բնական կազմուածքով կրակոտ ու բուռն էր, ինչպէս
կարելի էր հետեւցնել իր քալուածքէն, շարժումներէն եւ նայուածքէն:
Եղբայր Աթանաս
կը նշէ.
-Երբ մարդիկ նեղէին զինք, ուժգին կը սեղմեր թաշկինակը որ սովոր էր ձեռքը
բռնել:
Գաթերին Լազան կ’ընդգծէ իր անձին տիրապետութիւնը.
-Թէեւ բնականէն
կրակոտ էր, այնքան համբերող եղած էր, որ կը զարմանայի թէ ինչպէս ինքզինը կը զսպէր այնքան
անպատեհ դրութիւններու դիմաց:
Օր մը ուխտաւորներու բարեկարգութեան վրայ հսկող
ոստիկանը կը բողոքէ եւ կը պոռայ անզգոյշ մարդու մը դէմ, Վիաննէ կը միջամտէ ու կ’ըսէ.
-Շատ
աղմկարար ես:
-Բայց, վարդապետ, եթէ չպոռամ ասոնք քու մազերդ ալ կը քաշեն:
-Դեռ
բաւական ունիմ, - կը պատասխանէ սովորական իր ժպիտով: