2010-03-16 14:38:01

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հռոմահայերը տօնեցին Միջինքը

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի Զարթօնք յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ՝ Մալոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի տօնակատարութիւնը որուն ներկայ եղան մեծ թիւով հայորդիներ ու անոնց իտալացի կողակիցներ եւ բարեկամներ։

Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Զարթօնքի անդամուհիներէն Տիկին Սիլվի Իփլիքճեան Ատամօ որ նաեւ խօսեցաւ տօնին նշանակութեան մասին իտալերէնով իսկ հայերէնով Տիկին Կարինէ Մկրտիչեան եւ Տիկին Ռիթա Իպրահիմի Թալլարինին խօսեցան տօնին աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն մասին որմէ ետք ներկաները ճաշակեցին միջինքի բաղարջ հացը եւ կարկանդակը ինչպէս նաեւ Պահքի յատուկ այլ տեսակի ճաշեր, ընտանեկան ուրախ մթնոլորտի մէջ...նաեւ լսելով հայկական երգեր։

Հայերը , ըսաւ Տիկին Սիլվի իր խօսքին մէջ, տարածուած են աշխարհի ամէն կողմը եւ ասոր համար ոչ միայն ծանօթացուցած են հայկական համադամներն ու ճաշերը այլեւ՝ որդեգրած են իրենց գտնուած երկրի ճաշատեսակները որը նաեւ հարստացուցած է հայ կնոջ խոհանոցը։



Կիեւի մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշաքար

Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով Քիեւի մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքար։ Կիեւի շրջանային խորհուրդներէն մէկու որոշման հիմամբ ընդառաջուած է հայ համայնքի կողմէ ներկայացուած դիմումը։ Յուշաքարը կը նախատեսուի տեղադրել Օտեսայի հրապարակին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.