2010-03-16 11:24:30

2010-ը՝Հայ Կնոջ Տարին։ Հայ Կինը Որպէս Ընկերային Ծառայող։


2010-ը՝Հայ Կնոջ Տարին։ Հայ Կինը Որպէս Ընկերային Ծառայող։



Ընկերային ծառայութեան դաշտին մէջ հայ կնոջ դերը միշտ եղած է առանցքային։

Մեր պատմութեան յատկապէս ողբերգական պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն դիմաց անտարբեր չէ մնացած հայ կինը։ Որբերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդները խնամելու, աղքատներն ու այրիները պատսպարելու, սգաւորները մխիթարելու եւ չքաւորներուն նիւթապէս օժանդակելու գործին օրինակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը։

Մարդասիրական ծառայութեան դաշտին մէջ եւս արժանաւոր տեղ գրաւած կիներուն անունները բազմաթիւ են մեր պատմութեան մէջ, Աշխէն Թագուհիէն սկսեալ մինչեւ 10-րդ դարու Շուշանիկ Պահլաւունին , եւ մօտիկ անցեալի ու ներկայի անձինք նուիրեալքները, որոնք իրենց ընտանիքներէն առաջ օգտակար հանդիսացան եւ կը շարունակեն հանդիսանալ իրենց մեծ ընտանիքին՝ հայ ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն։ Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութեամբ կ'ուզենք յիշել Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն 100-ամեակը կը զուգադիպի ներկայ տարուան։ Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին հայ կնոջական այս համազգային միութիւնը մեծապէս գնահատելի դեր ունեցաւ հայ կեանքէն ներս։ Ան միայն կնոջ իրաւունքները հետապնդող միութիւն մը չեղաւ, այլ նաեւ հայ կինը առաւել պարտաւորութեան ու յանձնառութեան մղող միութիւն։ Ան միայն հայ կնոջ առաքինութիւններուն պերճախօս վկան չեղաւ, այլ նաեւ հայ կնոջ յիշեցուց թէ ինքզինք պէտք է արժեւորէ ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր ծառայութեա՛ն ճամբով։








All the contents on this site are copyrighted ©.