2010-03-15 15:13:11

Լուրեր հայրենի կեանքէն


Լուրեր հայրենի կեանքէն

Հայաստանը առաջին անգամ արժանթինեան կինոփառատօնին պատուաւոր հիւրը պիտի ըլլայ Փետրուար 23-ին Պուէնոս Այրէսի Լատինամերիկեան արուեստի թանգարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Պինամարի էկրան 2010 արժանթինեան եւ եւրոպական կինոյի 6-րդ հանդիպում միջազգային շարժապատկերի ժապաւէններու փառատօնի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Վեցերորդ անգամ կատարուող Պինամարի այս տարուայ փառատօնը, որը տեղի կունենայ Մարտ 6-13, յատկանշական է այն առումով, որ առաջին անգամ անոր յատուկ հրաւիրեալի կարգավիճակով կը մասնակցի Հայաստանը։ Ժամանակակից հայկական ֆիլմի արուեստը կը ներկայանայ Յարութիւն Խաչատրեանի Սահման վաւերագրական ֆիլմով եւ Յովհաննէս Գալստեանի Խճճուած զուգահեռներ գեղարուեստական կինոնկարով։ Ի դէպ, բեմադրիչ Գալստեանը ժամանեց Պինամար եւ անձամբ իր ֆիլմը կը ներկայացնէ արժանթինացի քննադատներուն ու հանդիսատեսի դատողութեան։ Մարտ 7-ին փառատօնի ծիրէն ներս նշուեցաւ Հայաստանի օրը, որը սկսաւ հայկական ֆիլմերու ցուցադրմամբ եւ ամփոփւեցաւ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեանի անունով կազմակերպուած ընդունելութեամբ։ Միւս եւրոպական երկիրը, որ յատուկ հրաւիրեալի կարգավիճակով կը մասնակցի Պինամարի 6-րդ կինոփառատօնին՝ Յունաստանն է, կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը։ Արժանթինի մշակութային կեանքին մէջ կարեւորագոյն այս միջոցառման կը մասնակցին Արժանթինի մշակոյթի փոխ նախարար Մարսելա Կարդիլլոն, շարժապատկերի եւ լսողատեսողական արուեստներու ազգային ինսթիթութի նախագահ Լիլիանա Մասուրէն, Պինամարի քաղաքապետ Ռաֆայէլ տէ Վիտոն, փառատօնի ծրագրերու տնօրէն Կարլոս Մորելլին, արժանթինցի բեմադ-րիչներ, դերասաններ, ինչպէս նաեւ՝ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Յունաստանի դեսպան Միքայէլ Քրիստիտիս, Պուէնոս Այրէսի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպական այլ երկիրներու դիւանագէտներ, բազմաթիւ լրագրողներ։

Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ - Համահայկական մշակութային փառատօնի կազմակերպող կոմիտեն կը տեղեկացնէ թէ, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ հոգեւոր-մշակութային կապերու ամրապնդման, ազգային մշակոյթի պահպանման գործին Սփիւռքի ստեղծագործող երիտասարդութեան ներգրաւման, ինչպէս նաեւ մշակոյթի ոլորտէն ներս համահայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման եւ համախմբման նպատակով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի բարձր հովանիին ներքոյ 2010թ-ին տեղի պիտի ունենայ Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ համահայկական մշակութային IV փառատօնը։ Փառատոնի ծրագրի ծիրէն ներս տարուոյ ընթացքին կը նախատեսուի կազմակերպել բազմաբնոյթ մշակութային միջոցառումներ, համաժողովներ, հայ մշակոյթի տարբեր ոլորտներու հիմնախնդիրներու վերաբերեալ քննարկումներ, մասնագիտական ընկերակցութիւններու ստեղծում, վարպետութեան դասընթացներ եւ պարուսոյցներու եւ երգչախմբային խմբավարներու համար, հիւրախաղեր եւ այլ միջոցառումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.