2010-03-15 14:24:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԱՐՄԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան նշանակուած է Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի լրատուական վերլուծական հաղորդումներու տնօրէն։ Այդ առիթով նախագահ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրած է Սամուէլ Ֆարմանեանը նախագահի մամլոյ քարտուղարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին։ Սերժ Սարգսեան այլ հրամանագիրով մը նախագահի մամլոյ քարտուղար նշանակած է Տիար Արմէն Արզումանեանը։

ՊԵՌՆԱՐ ՖԱՍԻԷ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԿԸ ՆԿԱՍՏԷ ՊԱՔՈՒ-Ի ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, որ Երեւանի մէջ ընթացող ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի «Ռոզ Ռոութ» խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան կը գտնուէր , Ուրբաթ, Մարտ 12ին յայտնեց, թէ անպատասխանատու կը նկատէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Արցախի հարցին լուծման «Ատրպէյճան պատրաստ է հասնելու ռազմական ճանապարհով»: Ան կրկնեց, թէ Մատրիտեան սկզբունքները կը մնան Արցախի տագնապի լուծման գլխաւոր գործիքը:«Նման ռազմատենչ յայտարարութիւններ վնասակար ազդեցութիւն կ՛ունենան բանակցութիւններուն վրայ: Անոնք առիթ չեն տար հասնելու խաղաղութեան» ( ըսաւ Ֆասիէ) որ նաեւ յայտնեց, թէ պատերազմը ոչ մէկ շահ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի, «մանաւանդ, որ մենք գիտենք ղարաբաղեան մարտիկներուն հնարաւորութիւնները»: Այս վերջին յայտարարութիւնը անմիջապէս քննադատուեցաւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր զօր. Էլտար Սապիրօղլուի կողմէ, որ հարց տուաւ, թէ՝ «Ինչպէ՞ս կարելի է արդարութիւն ակնկալել նման դիւանագէտէ մը», որ ըստ բանբերին, միշտ հայանպաստ դիրք որդեգրած է: Ֆասիէ նաեւ նշեց, թէ « Լեռնային Ղարաբաղը որքա՛ն շուտ մասնակից դառնայ ընթացող բանակցութիւններուն, այնքա՛ն լաւ կ՛ըլլայ»։ Սակայն ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը , որովհետեւ անիկա որեւէ երկրի կողմէ ճանչցուած պետութիւն չէ։ Ֆրանսացի համանախագահը նշեց, թէ շատ արդար է բան է որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը նոյնպէս կը փափաքի մասնակից ըլլալ այն բանակցութիւններուն, որոնք կը շօշափեն իր կենսական շահերը, սակայն ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր բնակիչները, որոնց շարքին՝ անոնք, որոնք կ՛ապրէին այդ տարածքին մէջ նախքան հակամարտութիւնը, վերադառնան իրենց նախկին բնակավայրերը։

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՈՒՐՔ ԴԱՍԱԽՕՍ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԱԾ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ։
Թրքական ՝՝Ինթերնեթհապեր՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ատըյաման համալսարանի արուեստի պատմութեան դասախօս Շեֆքաթ Ֆըրաթ պատմութեան դասախօսութեան ընթացքին նշած է, որ դարասկիզբին ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է եւ Թուրքիոյ մէջ կոտորուած են 800 հազար հայեր։ Ուսանողներէն ոմանք համաձայն չեն գտնուած դասախօսի արտայայտութեան եւ, համալսարանի բակին մէջ, ի նշան բողոքի հաւաք կազմակերպած են՝ պահանջելով, որ համալսարանի ղեկավարութիւնը յիշեալ դասախօսին դէմ միջոցներու ձեռնարկէ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՐ ՄՈՌՆԱԼՈՒ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸՍԷ ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ։
Արման Կիրակոսեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի ՝՝Ռոուզ Ռոթ՝՝ սեմինարին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան մտադիր է առանց նախապայմաններու կարգաւորել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, սակայն իր պատմութիւնը չի պատրաստուիր մոռնալու։ Սկիզբէն նպատակ ունեցած ենք բարենպաստ պայմաններ ստեղծել հայ - թրքական հետագայ յարաբերութիւններուն համար։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ Հայաստան մտադիր է հրաժարիլ օսմանեան Թուրքիոյ, կը կրկնեմ, օսմանեան Թուրքիոյ եւ ոչ թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ճանաչումէն։ Նելսըն Մանտելա կըսէր, թէ ՝՝յարաբերութիւններ հաստատելը չի նշանակեր պատմութիւնը մոռնալ՝՝ ։ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան 3 միլիոն հայեր անհետացան օսմանեան Թուրքիայէն ո՞ւր են անոնք, ի՞նչ պատահեցաւ անոնց, այդ ի՞նչ էր, եթէ ոչ ցեղասպանութիւն(նշած է փոխնախարարը) աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պիտի կանխէ մարդկութեան դէմ նմանօրինակ ոճիրներու իրականացումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.