2010-03-14 14:04:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Մարտ 14, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Քառասնորդացը, բարեշնորհ շրջան մըն է բոլորիս համար մեծերու թէ երիտասարդներու, ապաշխարելու եւ վերադառնալու Տիրոջ։

եւ միաժամանակ ներկայացնելու Տիրոջ մեր ցաւերն եւ ուրախութիւնները, յոյսերն ու տխրութիւնները եւ Իրմէ խնդրելու մեզի ընկերանալու մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին։

Ձեզ կը հրաւիրեմ կեդրոնացնելու ձեր կեանքը էականին վրայ ''Այո'' ըսելու Տիրոջ։ Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի օրինակին հետեւելով, դուք ձեր կարգին եղէք անխոնջ առաքեալները Աստուծոյ խօսքը տարածելու, բոլորին ցոյց տալով ճանապարհը որ կ'առաջնորդէ դէպի Աստուած։ Այդ կատարելու համար կանչուած ենք աղօթքի կեանքին։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ըլլայ ձեզի համար աստղ եւ առաջնորդ։

Մարեմեան աղօթքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ֆրանսացի քահանաները եւ անոնց խօսեցաւ քահանայական տարւոյն մասին։

Աայս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլոր ներկաներուն։

Ս. Աթոռը կը խնդրէ որ ՄԱԿը ունենայ յատուկ ոյժ մը օգնութեան հասնելու բնական աղետներիու ընթացքին։

Արդարեւ Հայիթիի եւ Չիլիի մահաբեր երկրաշարժէն ետք, Վատիկանը բաղձանք յայտնած է որ ՄԱԿը ունենայ իր յատուկ ոյժը օգնութեան հասնելու բնական աղետներու ընթացքին, լաւագոյնս համադրելու միջազգային օգնութիւնները։ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը կը խնդրէ միջազգային հասարակութենէն ունենալ քաղաքական կամքը ստեղծելու օգնութեան հասնող շտապ մարմին մը։ Վատիկանի խմբագիրը դիտել կու տայ թէ բարի կամքը ինքնին բաւարար չէ ամոգելու ցաւը աղետեալ ժողովուրդներու։ Միջազգային հասարակութիւնը ներկայիս ունի բաւարար թեխնիքական միջոցներ դիմագրաւելու աղետները եւ նոյնիսկ զանոնք նախատեսելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.